ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ` 650,000 Ամ. Տոլար` Ի Նպաստ ՀՅԴ-ի Գործունէութեան Եւ Հայ Դատի Աշխատանքներուն


 

 

Երեքշաբթի, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամներ, ուղեկից միութիւններու ու ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով բարերարներ:

Ընթրիք-հաւաքը վարեց Սարգիս Արմէնեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կանգնին ՀՅԴ-ի գործունէութեան: Ան հաստատեց, որ ցուցաբերուած այս նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը յաւելեալ յանձնառութեան տակ կը դնէ կուսակցական կառոյցը` իր գործունէութիւնը աւելի ծաւալելու:

Ընթրիք-հաւաքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի համահայկական եւ քաղաքական բազմածաւալ գործունէութեան` նշելով այս ծիրին մէջ այսօրուան առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ վեր առնելով համակիրներու ու նուիրատուներու զօրակցութիւնը ՀՅԴ-ի նկատմամբ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց ընդհանուր գործին մէջ բարերարներուն ցուցաբերած անվերապահ ներդրումը, «որուն վրայ գումարուելով դաշնակցականի քրտինքը, մենք կրնանք հետապնդել մեր առաջադրանքները», ընդգծեց ան:

Ընթրիք-հաւաքին գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի մենակատարներու խումբը եւ մեներգիչ Գէորգ Պեպեճեան:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ յայտարարուեցաւ նուիրատուներու ցանկը: 650,000 ամ. տոլար գոյացաւ ի նպաստ ՀՅԴ-ի գործունէութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.