Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թուրք Պատգամաւորը՝ Պոլսոյ Քաղաքապետի Պաշտօնի Թեկնածու
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ մէջ նոր կազմաւորուած Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (HDP) փոխնախագահ Էրթուղրուլ Քիւրքճու յայտարարած է, թէ Պոլսոյ քաղաքապետի իրենց թեկնածուն Սըրրը Սուրէյա Օնտերն է:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին համաձայն՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Քիւրքճու աւելցուցած է, թէ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ աշխատանք կը տարուի թեկնածուներ առաջադրելու՝ 2014ին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար:
Նշենք, որ նորաստեղծ կուսակցութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ հայ համայնքէն՝ տնօրէն Կարօ Պայլան եւ տիգրանակերտցի յայտնի գրող Մկրտիչ Մարկոսեան:
Օնտեր 2012ի Ապրիլ 24ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, թէ 1915ին հայերու դէմ տեղի ունեցած է մեծ կոտորած, որ աշխարհի բոլոր լեզուներով ցեղասպանութիւն կը կոչուի: