«Լիբանանահայութիւնը Անսակարկ Նուիրումով Օժանդակած Է Սուրիահայ Գաղթականներուն» Շեշտեց Վ. Եագուպեան


 

 

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը Դեկտեմբեր 3-ին յատուկ յայտագիրով մը անդրադարձաւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին եւ Սուրիայէն գաղթած հայորդիներուն:

Յայտագիրին հիւրերն էին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ սուրիացի պատմաբան Սամիր Աարպաշ:

 Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ հայութեան գոյութեան` Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ անիկա շատ հին է, ԺԶ.-ԺԷ. դարէն սկսեալ, սակայն յետ ցեղասպանութեան անոնց թիւը բազմապատկուած է:

 «Հայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ Սուրիա կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ անիկա եղած է ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը ընդունող առաջին պետութիւնը եւ անոնց ապաստան տրամադրած:

 «Հայերը յաջողեցան իրենց լեզուով եւ մշակոյթով հարստացնել Սուրիոյ մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային կեանքը եւ ժամանակի ընթացքին անոնք դարձան սուրիական հիւսուածքին անմասնատելի մէկ բաժինը», ըսաւ Վ. Եագուպեան:

 Խօսելով սուրիահայ գաղթականներուն թիւին եւ անոնց տրամադրուած օժանդակութիւններուն մասին` Վ. Եագուպեան նշեց, որ գաղթական սուրիահայերուն մէկ մասը գաղթած է Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա:

 Ոմանք Սուրիոյ մէջ տեղափոխուած են աւելի ապահով շրջաններ, ինչպէս` Դամասկոս, Քեսապ եւ Լաթաքիա:

Լիբանան հասած սուրիահայերուն թիւը շուրջ 12 հազար է եւ նոյնքան` Հայաստան ուղղուած սուրիահայերունը:

Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ անոնք կը սպասեն Սուրիոյ ապահովական կայունութեան վերահաստատումին, որպէսզի վերադառնան իրենց բնակարանները:

 Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ լիբանանահայութեան կողմէ անսակարկ նուիրումով սուրիահայութեան տրամադրուած օժանդակութիւններուն եւ մանրամասնեց նշելով, որ Լիբանանի մէջ սուրիահայութեան տրամադրուած է դպրոցական, բժշկական եւ բնակարանային օժանդակութիւն:

 Լիբանանահայութիւնը անցնող ամիսներուն կազմակերպուած դրամահաւաքի մը ընթացքին գոյացուց շուրջ հարիւր հազար տոլար:

 Վ. Եագուպեան աւելցուց, որ հայկական բոլոր գաղութները մասնակցած են սուրիահայութեան օժանդակութեան դրամահաւաքի արշաւին: Այդ գումարները կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ եւ կ՛օգտագործուին ըստ կարիքի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.