Սուրիահայութեան նուիրուած ժողովրդային հաւաք Թորոնթոյի մէջ
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմնի կազմակերպութեամբ, Դեկտեմբեր 1-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայութեան ճգնաժամին նուիրուած ժողովրդային հաւաք։ Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց՝ Սուրիահայութեան զօրակցելու գործընթացը թափով շարունակելու հրամայականը։ Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան։
Այս առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսերիզով ներկաները լսեցին Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի զեկոյցը, զորս փոխանցեց Մարիա Գաբրիէլեան։ Իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Շահան եպս. Սարգիսեան, որ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց գանատահայութեան։
Սուրիահայութեան աջակցութեան նուիրահաւաքի այս հանգրուանին, Թորոնթոյի մէջ գոյացաւ 25 հազար տոլար։ Նուիրահաւաքներն ու ժողովրդային հաւաքները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն Գանատայի տարբեր հայկական ոստաններու մէջ։