ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Խաղաղութիւն Եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Տիարպէքիրի Խորհրդաժողովին


 

 

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը 30 նոյեմբերին մասնակցեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի խորհրդաժողովին` Տիարպէքիրի մէջ: Պատուիրակութեան անդամներն էին Ռուբէն Ճանպազեան եւ Սարգիս Տեկիրմենճեան` Հայաստանէն:

Խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւնները: Ներկայ էին տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան աւելի քան երեսուն հազար անդամներ եւ համակիրներ ներկայ էին Տիգրանակերտի «Սէյրանթափէ» մարզահամալիրին մէջ եւ անոր շրջակայքը, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովը:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց կոչը ուղղեցին ներկաներուն` նախ հայերէնով, ապա` թրքերէնով: Ողջունելով Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդական խորհուրդի անդրանիկ խորհրդաժողովը, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները կեդրոնացան հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու անցեալի յարաբերութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն վրայ, յատուկ կանգ առնելով հայ-քրտական նորօրեայ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան կարելիութեան վրայ` նշելով, որ այդ համագործակցութիւնը պէտք է հիմնուի փոխադարձ յարգանքի վրայ, ի մտի ունենալով երկու ժողովուրդներուն շահերը:

Ելոյթի աւարտին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդական խորհուրդի անդամներուն յուշանուէր մը յանձնեցին:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան հիմնադրուած է 2008-ին եւ դէտի կարգավիճակով կ՛անդամակցի Ընկերվար միջազգայնականին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.