«Թուրքիոյ մէջ ալ պիտի յայտնուի՞ առաջնորդ մը որ Թուրք ժողովուրդին ճակտէն սրբէ Հայկական ցեղասպանութիւնը ուրանալու արատը». Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ
Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ «Րատիքալ»ի մէջ ստորագրած է յախուռն յօդուած մը, որով ան սրտաբացօրէն ու խիզախօրէն հարց կուտայ թէ ե՞րբ արդեօք Թուրքիոյ մէջ ալ Վարչապետ մը քաջութիւնը պիտի ունենայ ծունկի գալու 1915ի Հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ ներողութիւն խնդրելու անոնցմէ։ Ան միաժամանակ հարց կուտայ թէ ե՞րբ արդեօք Թուրքիոյ մէջ Վարչապետ մը քաջութիւնը պիտի ունենայ Թուրք ժողովուրդին ճակտէն սրբելու ցեղասպանութիւնը ուրանալու արատը։ Յօդուածագիրը այս բախտորոշ հարցումներուն կը սկսի յիշելով Գերմանիոյ երբեմնի Վարչապետ Վիլի Պրանտը որ Լեհաստանի մէջ Հոլոգոստի հրեաներու ի յիշատակ կառուցուած յուշարձանին առջեւ ծունկի եկաւ ու առանց բառ մը արտասանելու շատ բան ըսած եղաւ ի յիշատակ այդ զոհերուն։Կը կարդանք։
«Վարշաւիոյ մէջ անձրեւոտ օր մըն էր, գետիններն ալ թաց էին, 7 Դեկտեմբեր 1970։ Գերմանիոյ Վարչապետ Վիլի Պրանտ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էր Վարշովա։ Ան Հրէական ողջակիզման զոհ գացած Հրեաներու յուշարձան եկաւ, նախ մեխակներ դրաւ հոն, յետոյ քայլ մը ետ գնաց, այնուհետեւ ըրաւ այն շարժումը որ ամբողջ պատմութեան մը գնացքը պիտի փոխէր։ Ծնրադրեց իր ծունկը դնելով թաց հողին վրայ, ձեռքերը միացուց իր առջեւ ու հոն այդպէս կեցաւ առանց խօսելու։ Առանց բառ մը իսկ ըսելու ան ըսաւ այնքան շատ բան որքանը չէր կրնար ըսել ամբողջ գիրք մը։ Ան այդպէս ծնրադրելով բարձրացուց իր ազգը, շէնցուց հրեայ զոհերուն հոգիները»։
Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ սապէս կը շարունակէ.
«Օր մը մենք ալ Պրանտի չափ քաջ Վարչապետ մը պիտի կարենա՞նք ունենալ։ Օր մը Թուրքիոյ մէջ ալ պիտի յայտնուի՞ քաջարի առաջնորդ մը որ Թուրք ժողովուրդին ճակտէն պիտի սրբէ Հայկական ցեղասպանութիւնը ուրանալու արատը»։
Յօդուածագիրը կը նշէ որ 2009 թուականին Էրտողան ըրած էր խօսք մը որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէր այս նիւթի մասին։ Այն ատեն կարծուած էր որ Էրտողան կրնար այս հանգոյցը քակել։ Էրտողան ըսած էր որ տարբեր ազգութիւն ունեցողները այս երկրէն վռնտուած էին ու ասիկա ֆաշիստական արարք էր։ Էրտողան այս կերպով այս ժողովուրդին խղճմտանքը կը փրկէր սառեցումէ։ Բայց ինչ մեղք որ Էրտողան հոնկէ աւելի անդին չգնաց, անոր խօսքը օդին մէջ մնաց։
Այսօր Էրտողան փոքրամասնութիւններու մասին բնաւ չի խօսիր երբ կը խօսի Թուրքիոյ հայրենակիցներուն մասին։ Եւ մամուլի մէջ հրատարակուած լուրերէն յայտնի կը դառնայ, որ կառավարութիւնը ամուր փարած է հարիւր տարիներէ ի վեր յառաջ քշուած կաղապարներուն։ Էրտողան մէկ կողմէ Զուիրեցիոյ կ՚առաջարկէ որ վարագոյրի ետեւէն միջնորդութիւն ընէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ, մէկ կողմէ ալ կը ջանայ արգելք ըլլալ այն յուշարձանին զոր Հայերը բանալ կ՚ուզեն Ժընեւի մէջ։ Պիւլէնտ Արընչ Խորհրդարանի մէջ ելոյթի մը ընթացքին կը պատմէ որ Թուրքիա 1915-ի հարիւրամեակին առթիւ կը տեսնէ այնպիսի պատրաստութիւններ որոնք կրնան ազդել ամբողջ աշխարհի վրայ։ Կարծես թէ գովելի գործ կը տեսնեն։ Թուրք Պատմութեան Կաճառն ալ բազմաթիւ գիրքեր պիտի հրատարակէ եղեր 1915-ի հարիւրամեակի առիթով։ Վարչապետարանն ու Արտաքին Նախարարութիւնը բազմաթիւ խումբեր կազմեր են որպէսզի ամբողջ աշխարհի բացատրուի Թրքական տեսակէտը։
Յօդուածագիրը սապէս կ՚աւարտէ իր յօդուածը.«Եթէ չենք կրնար յարգանքով ծնրադրել իրենց կեանքը կորսնցուցած անհամար անմեղներու յիշատակին առջեւ, գոնէ լռելու, բան մը չընելու իմաստութիւնը ունենայինք։ Եթէ չի յայտնուիր Պրանտի նման Վարչապետ մը, որ զոհերու յիշատակին առջեւ պիտի ծնրադրէր, գոնէ սա ամբողջ աշխարհը համոզելու մեր ճիգերէն հրաժարէինք։ Քիչ մը մտածելու ենք այս մասին»: