Հայահոծ Վալանս քաղաքին մէջ թուրքեր զանգուածային ձեւով բնակութիւն կը հաստատեն
ԽՄԲ.- Փարիզի մեր պաշտօնակից «Նոր Յառաջ», ստորեւ ներկայացուած յօդուածով ահազանգ կը հնչեցնէ հայատրոփ Վալանս քաղաքին մէջ թրքական համայնքի արագընթաց ստուարութեան ի տես։ 65-70 հազար բնակչութիւն ունեցող Վալանս քաղաքին մէջ հայութիւնը առաջին անգամ հաստատուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք։
Վալանսը Ֆրանսայի Տրոմ նահանգի այն գողտրիկ քաղաքն է, որու բնակչութեան մինչեւ 10%ը Հայերէ բաղկացած ըլլալով, նախորդ քաղաքապետին՝ Փաթրիք Լապօնի կողմէ կոչուած է «Հայոց մայրաքաղաքը Ֆրանսայի մէջ»: Եօթէն ութ հազար հայ բնակչութեան տէր «հայկական» այս քաղաքը ներկայիս կատարեալ եղափոխութեան շրջան մը կը բոլորէ ու եթէ այդպէս շարունակուի բնաւ զարմանալի պիտի չըլլար, որ ի մօտոյ ան կոչուի «թրքական քաղաք»:
Եւ, երեւոյթը կարելի չէ պատահականութեան վերագրել, քանզի ակնյայտ է թրքական հիւպատոսարանին եւ ֆրանքեւթրքական ընկերակցութիւններու այդ ուղղութեամբ կատարած աշխատանքը: Ակնյայտ է, որ լուրջ եւ ծրագրեալ քայլերու կը դիմէ թրքական կողմը, հայաշատ բոլոր շրջանները Թուրքերով բնակեցնելով այդ ոստաններուն մէջ, Հայոց հակակշիռը չէզոքացնելու եւ ինչո՞ւ չէ, այնուհետեւ ալ թրքական հակակշիռ հաստատելու, թրքական գաղափարախօսութիւնը տարածելու հեռանկարներով: Նման երեւոյթ կը դիտարկուի նաեւ փարիզեան շրջանի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ, ուր ամէն օր քիչ մը աւելի կ՚ուռճանայ թրքական համայնքը:
Իրաց այս կացութեան մէջ, Նոյեմբեր 23ին, Վալանսի Արհմիութիւններու Տունը հիւրընկալած է ժողով մը, զոր կազմակերպած են Ֆրանքեւթրքական բարեկամութեան միութիւնը եւ Ժողովրդավար Թուրքերու միութիւնը, որպէս օրակարգի նիւթ ունենալով Թուրքերու քուէները քաղաքապետական ընտրութիւններուն: Ժողովին մասնակցած են Վալանսի փոխքաղաքապետ Փիէր-Ժան Վէրէ (ընկերվարական), Ֆրանք Սուլինիաք (UMP) եւ Օլիվիէ Կաֆա (MoDem):
Վալանսի մէջ, ներկայիս թրքական համայնքին թիւը կը գնահատուի 4.000, բայց մէկ մասը Քիւրտեր են:
Նկարը՝ Վալանսի մէջ Մեծ Եղեռնի 97-ամեակի առիթով հայկական բողոքի ցոյց։