ԼԱԶ ԳՈՐԾԻՉ ՄԸ ՆԱԽԿԻՆ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ


«Պիանեթ» կը հաղորդէ, որ Լազ մշակութային միութեան հիմնադիր Ատեմ Քույումճու Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակին ներկայացուցած է պաշտօնական դիմում մը՝ վերականգնելու համար Սեւ ծովու շրջանին մէջ այն տեղանուները, որոնք ժամանակին լազերէնէ թրքերէնի փոխուած են։

Նախապէս, կառավարութեան անցեալ ամիս քրտական հարցին վերաբերեալ յայտարարած շարք մը բարեփոխումներէն ետք, Սղերդի Այտընլար շրջանը վերատիրացաւ իր քրտական Թիլլօ անունին։

Տեղանուններու վերականգնման հարցով Թուրքիոյ լազերը եւս իրենց գիւղերու անուններու վերականգնման համար քայլերու դիմեցին։ Քույումճու իր դիմումին մէջ գրած է, որ իրենք մտահոգ են, որ իրենց մայրենի լեզուն անհետանալու վտանգը կը դիմագրաւէ, իսկ տեղանուններու վերականգնումը պիտի նպաստէ իրենց ժառանգութիւնը պահպանելու գործին։

Ան դիմումին միացուցած է «Սվաճախօ- Լազ Եր Ատլարը Սէօզլուղու» գիրքէն օրինակ մը եւ Սեւ ծովի շրջանին մէջ տեղանուններ, որոնք լազերէնէն թրքերէնի փոխուած են։

Ցանկին վրայ ներառուած անուններուն շարքին են՝ Ռիզէի Փազար շրջանը՝ Աթինա, Արտեշեն շրջանը՝ Արթտաշենի, Չամլիհեմշին շրջանը՝ Վիժա, Ֆընտըքլը շրջանը՝ Վիցէ, Արդուինի Արհաւի շրջանը՝ Արքապի եւ Հոփա շրջանը՝ Խոփա։

Քույումճու նաեւ նշեց շարք մը վայրեր, որոնց անուններու թրքական տարբերակները կապ չունին իրեն ներկայացուցած վայրին իսկական բնոյթին հետ։

«Պիանեթ» կը նշէ, որ հարաւային կովկասեան լեզուներու ընտանիքին մաս կազմող լազերէնը Անատոլուի ամէնէն հին լեզուներէն մէկն է եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Վտանգուած լեզուներ» ցանկին «Իրապէս ջնջուելու վտանգի տակ գտնուող» բաժինին մէջ ներառուած է։

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 30 ՀԱԶԱՐ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆԵՐ ՓՈԽՈՒԱԾ ԵՆ

1921-ին թրքական կառավարութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով, շուրջ 30,280 տեղանուններ, որոնց շուրջ 12 հազարը գիւղերու անուններ, քրտերէնէ, հայերէնէ, յունարենէ, լազերէնէ, ասորերէնէ, արաբերէնէ եւ չերքեզերէնէ թրքերէնի փոխուած են։

1940-ին, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը «օտար անուն ունեցող տեղանունները շփոթի հարցերը լուծելու համար թրքերէնով վերանուանելու» հարցով թիւ 8589 օրէնքի հիմամբ օրինականացուց տեղանուններու վերանուանումը։

Թրքացման հոլովոյթը նաեւ ազդեց Սեւ ծովի շրջանին ու Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանին։ Նաեւ ի յայտ եկաւ, որ վարչապետ Էրտողանի ծննդավայր Կիւնէյսուի իսկական անունը Փոթամիա է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.