Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 1994-ի Քուշքոնարի ջարդի հարցով Թուրքիան յանցաւոր նկատեց


 

 

Թրքական «Պիանեթ» կայքէջը կը գրէ, որ 1994-ին քրտական Քուշքոնար, Քոչաղըլը եւ Սափաճա գիղերու թրքական օդուժի ռմբակոծումէն վերապրողները, նախապէս «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի պատասխանատու Ճէյմզ Ռոնի պատմած էին ռմբակոծումին մասին, սակայն արդարադատութեան իշխանութիւնները Էրթուղրուլ Քիւրքճիւն դատապարտեցին այդ զեկուցումը թրքերէնի թարգմանելուն համար։

Նոյեմբեր 12-ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 1994-ի Քուշքոնարի ջարդի հարցով Թուրքիան յանցաւոր նկատեց «գիւղեր ռմբակոծելու» համար։ Դատարանը պահանջեց թրքական պետութենէն 2.3 միլիոն Եուրոյի վնասուց հատուցում կատարել զոհուածներու ընտանիքներուն: 
Դէպքը մանրամասն կերպով նկարագրուած է Ճէյմզ Ռոնի պատրաստած «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի «Թուրքիոյ մէջ զէնքեր, փոխադրութիւններ եւ պատերազմի օրէնքի խախտումներ» խորագիրով զեկուցումին մէջ։

Օրին զեկուցումը թրքերէնի թարգմանուած էր Էրթուղրուլ Քիւրքճիւի կողմէ, որ հետագային դատուեցաւ ու դատապարտուեցաւ։ 

ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԻ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ

Մարտ 26, 1994-ին, ըստ «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի հետ հարցազրոյց կատարած 5 ականատեսներու, թրքական երկու ռմբաձիգներ Շըրնաք նահանգի Քուշքոնար գիւղին վրայ չորս մեծ ռումբեր նետեցին։ Ռումբերը նետուեցան ուղղաթիռի մը եւ օդանաւերուն կողմէ գիւղին վերեւ հետախուզական թռիչքներէ ետք։ Ուստի հաստատ է, որ ռմբակոծումը դիտաւորեալ էր։

Ռումբերէն երկուքը ինկան գիւղին ճիշդ կեդրոնը, ուր ատենին կը բնակէին շուրջ 150 գիւղացիներ։ Սպաննուեցան 24 գիւղացիներ, ներառեալ 15 տարեկան եւ աւելի փոքր տարիքի 12 մանուկներ։ Դիակներէն եօթն այնքան շատ վնասուած էին, որ անոնք անճանաչելի դարձած էին։ Ռմբակոծման դրդապատճառները յստակ չեն։ Ըստ ականատեսներու, ռմբակոծման ժամանակ գիւղին մէջ ՔԱԿ-ի (PKK) զինեալներ չկային, սակայն յարձակումէն քանի մը օր առաջ գիւղացիները կառավարութեան կողմէ բուռն ճնշումի կ՚ենթարկուէին միանալու «Գիւղական պահակներ»ու համակարգին (թրքական պետութեան կողմէ ստեղծուած վարձկան զինեալներու պահակախումբեր, որոնք կը գործէին քրտաբնակ շրջաններու մէջ – ԽՄԲ.) եւ նաեւ գոյութիւն ունին որոշ ցուցանիշեր, թէ գիւղացիները կը ծրագրէին յաջորդ շաբաթ նախատեսուած տեղական ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկել։ Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, թրքական իշխանութիւնները այդ մասին հարցապնդուելով հերքած են յարձակումին համար որեւէ պատասխանատուութիւն ունենալ, սակայն ամերիկեան կառավարութիւնը Յունիս 1995-ին Քոնկրեսին յղուած զեկուցումի մը մէջ ըսաւ, որ իր անձնակազմը «հաստատած է, որ յարձակումներ տեղի ունեցած են եւ կարգ մը քաղաքայիններ սպաննուած են»։

Ըստ թրքական մարդկային իրաւանց խմբաւորումներու, 1994-ի Մարտ 24-26-ի ընթացքին առնուազն չորս յաւելեալ օդային յարձակումներ տեղի ունեցած են՝ սպաննելով յաւելեալ 18 անձեր։ Բոլոր զոհերուն անունները յայտնի են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.