ԱԹԱԹՈՒՐՔ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀՐԵԱՅ ԳՈՐԾԱԿԱՐԱՐ ԵՈՍԻ ՔՈՀԵՆՆ ԷՐ
Թուրքիոյ ընկերային ցանցերուն վրայ եւ պլոկերուն մէջ Աթաթուրքը իբրեւ հրեայ գործարար ներկայացնող լուրը ցնցում յառաջացուցած է։ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հեղինակաւոր «Էքսթրա Վըրժըն» թերթը կը գրէ, որ տարածուող տեղեկութիւններուն մէջ կը նշուի՝ իսկական Մուսթաֆա Քեմալը անգլիացիներու կողմէ սպաննուած է Թրիփոլիի մէջ։ Հետագային Թուրքիոյ հանրապետութեան ղեկավար դարձած անձի իսկական անունը Մուսթաֆա Քեմալ չէ, այլ ան հրեայ գործարար Եոսի Քոհենն է։ Ըստ այդ պնդումին, օսմանեան բանակի փաշա Մուսթաֆա Քեմալի՝ 1911-ին սպաննուելէն ետք, հոլովոյթները վերահսկողութեան տակ առնելու համար արտասահմանեան ուժերը հրեայ գործարարը մտցուցած են պատմութեան մէջ՝ հետագային Աթաթուրքի վերածուած Մուսթաֆա Քեմալ անուան տակ։ Այս ցնցիչ պնդումը յառաջ քաշող շրջանակները ուշադրութիւն ըրած են 1911-ին Թրիփոլիի մէջ կատարուած Մուսթաֆա Քեմալի լուսանկարի եւ հետագային կատարուած անոր լուսանկարներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը։
Այս տեղեկութիւնը արագօրէն տարածուած է ընկերային ցանցերուն վրայ, նաեւ Աթաթուրքի հիմնադրած Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մօտիկ եղող պլոկներուն վրայ։ Թուրքիոյ պատմաբան գիտնականները այս մասին տակաւին որեւէ մեկնաբանութիւն չեն կատարած։
Թրքական պարբերականը գրած է.«Մուսթաֆա Քեմալ անունով անձ աշխարհ չէ եկած։ Լուսանկարներուն մէջ, տեսանիւթերուն մէջ մեզի ցուցադրուող անձնաւորութիւնը հրեայ գործարար Եոսի Քոհենն է։ Իսկական Մուսթաֆա Քեմալը նահատակուած է 1911-ին Լիպիոյ Թրիփոլի քաղաքին մէջ։ Խօսքը վերջին հարիւրամեակի ամէնէն մեծ խաբէութեան եւ մեր հարիւրամեայ պատմութիւնը քարոզչութեան աղբանոցին մէջ թաղող հանելուկի մասին է»։