Թրքական մամուլին համաձայն իսլամութիւն ընդունած հայ զինեալ մը սպաննուած է Սուրիոյ մէջ


 

 

Թրքական մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած են այն մասին, որ Երևանի մէջ ծնած Եղիշէ Կարապետեան անունով հայ մը,  իսլամութիւն ընդունելէ ետք մեկնած է Սուրիա եւ մասնակից դարձած է նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ մղուող մարտերուն, եւ  սպաննուած է կռիւներու ընթացքին:

՚Թուրքական «Թայմթյուրք» կայքէջը  կը նշէ, որ Կարապետեանը դաւանափոխ եղած է 10 տարի առաջ՝ վերակնքուելով Ապու Մուհամատ Ալ Արմանի անունով: Ան ուխտագնացութեան մեկնած է Մեքքա, իսկ իսլամական կրթութիւնը ստացած է Եգիպտոսի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.