Հայաստան Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի նուիրահաւաքին գոյացաւ 150 հազար տոլար, ի նպաստ Արցախի Նոր Մարաղա գիւղին


 

նոյեմբերի 16-ին  «Հայաստան» հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կատարեց իր դրամահաւաքը, որուն հասոյթը պիտի 3ատկացուի Արցախի Նոր Մարաղա գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման:

Նուիրահաւաքին ներկայ էին Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանը, Գանատայի թեմի աառաջնորդ Տէր Նաթան արք. Յովնանեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, հոգեւոր հայրեր, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բարերարներ: 

Երեկույթի ընթացքին Ժողովրդական ու դասական գործերով հանդէս եկաւ քանոնահարուհի Յասմիկ Լեյլոյեանը: Համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական աճուրդը: 

Նուիրահաւաքի աւարտին գոյացաւ 150 հազար տոլար: Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը յայտնեց, որ Թորոնթոյի հայութիւնը պիտի շարունակէ նուիրատուութիւններ կատարել մինչեւ Հեռուստամարաթոնի օրը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.