Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը կ՚ամայանայ
armtimes կայքէջին համաձայն, գիւմրեցիները սարսափով կ՚ահազանգեն, որ քաղաքը դատարկուած է այն աստիճան, որ պարզ աչքով տեսանելի է նոյնիսկ փողոցներուն մէջ։ Կ՚ըսեն, որ ժամերով կեդրոնական փողոցներէն մարդ չանցնիր, հատուկենտ ինքնաշարժեր կը նկատուին։ Գիւմրիի մէջ վերջին 3 տարուան ընթացքին մեծ թափով շարունակուող արտագաղթը դատարկած է քաղաքն ու մինչեւ իսկ քաղաքի այն հատուածները, որոնք պէտք է եռուն ըլլային։
Փաստօրէն, երկրաշարժէն 25 տարի ետք, քաղաքին նոր մարտահրաւէր նետած է արտագաղթը։ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պաշտօնական տուեալները, բնականաբար, քիչ մը մեղմ, սակայն խօսուն են։ Մասնաւորաբար, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 1 յուլիս 2012-ի դրութեամբ Գիւմրիի մէջ կը բնակէր 145,700 մարդ, իսկ 2013-ին՝ 120,700, այսինքն՝ մէկ տարուան մէջ 25,000 գիւմրեցի լքած է քաղաքը։