«ՀՅԴ-ն Սկզբունքօրէն Դէմ Չէ Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան, Քանի Որ Ոչինչ Յստակ Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան


 

 

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Նոյեմբեր 20-ին լրագրողներուն յայտնեց, որ Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի ցանկութեան մասին կան հարցեր. տակաւին յստակ չէ, թէ Հայաստան ի՛նչ պայմաններով Մաքսային միութեան պիտի միանայ:

Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի համար տակաւին յստակ չէ, թէ այդ անդամակցութեան հոլովոյթներուն մէջ Արցախի կարգավիճակի հարցը ինչպէ՛ս պէտք է լուծուի` ոչ թէ անպայման «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուի» իմաստով, այլ այն յարաբերութիւնները, որոնք այսօր գոյութիւն ունին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ, պէտք չէ որեւէ ձեւով փոխուին Մաքսային միութեան հետ կամ այլ տնտեսական համագործակցութեան համաձայնութիւններու պատճառով:

Մանոյեան ընդգծեց, որ տակաւին յստակ չէ Մաքսային միութեան անդամակցութեան խնդիրը, որովհետեւ ոչ միայն Ղարաբաղի հարցով անորոշութիւն կայ, այլեւ ընդհանրապէս յստակութիւն չկայ:

«Շատ կը խօսուի, թէ կը շտապենք, այսքան համաձայնագիրներ պէտք է մշակուին, ստորագրուին եւ այլն, սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը յայտնի չէ, եւ Հայաստանի բաժինով յստակ չէ, թէ Հայաստան ինչպիսի՛ պարտաւորութիւններ կը ստանձնէ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ըստ անոր, այդ առումով չկայ հիմք որեւէ լաւատեսութեան, թէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը Ղարաբաղի հարցը պիտի լուծէ: Անորոշութիւնը նաեւ դժգոհութեան առիթ է, որովհետեւ այս պահուածքը ճիշդ չէ, ընդունելի չէ, ու այդ մասին ՀՅԴ ըսած էր 3 սեպտեմբերէն ետք` անկախ համաձայնիլ-չհամաձայնելու հարցէն: Կ. Մանոյեան շեշտեց, որ ՀՅԴ սկզբունքային հակառակութիւններ չունէր Մաքսային միութեան անդամակցիլ-չանդամակցելու հարցին մէջ, բայց պայմանները պէտք է յստակ ըլլան: Մանոյեան նաեւ աւելցուց, որ յստակ տեղեկութիւններու բացակայութեան պատճառով Դաշնակցութեան կեցուածքը վերջնականապէս յստակ չէ: Ըստ անոր, անհրաժեշտ է յստակացնել համաձայնագիրին պայմանները: Մանոյեան յորդորեց չշահարկել ինքնիշխանութեան մէկ մասը զիջելու խնդիրը, քանի որ իրականութեան մէջ որեւէ միութեան կամաւոր մաս կազմելու ընթացքին որոշ բանէ հրաժարիլը շատ բնական է: Բայց այդպիսի զիջումներ պէտք է բոլորը ընեն եւ այդ միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները պէտք է նոյնքան հրաժարին իրենց ինքնիշխանութենէն: Եւ եթէ ատիկա տեղի պիտի չունենայ, ապա, ըստ Մանոյեանի, ուրեմն արդէն հարց կայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան լրագրողներուն յայտնեց, որ նախքան Հայաստան այցելելը, Ռուսիոյ նախագահը պիտի հանդիպի վարչապետ Էրտողանի հետ, եւ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման դրական կողմերէն մէկն ալ այն է, որ ատիկա տեղի ունեցաւ մինչեւ Փութին-Էրտողան հանդիպումը` Էրտողանի ազդեցութեան քիչ մը աւելի պակաս ըլլալու առումով:

Ըստ Մանոյեանի, Փութին-Էրտողան հանդիպումը պէտք է ուշադրութեան տակ դրուի, քանի որ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները, յատկապէս` տնտեսական, բաւական սերտ են եւ կ՛ընդլայնին եւ ի վերջոյ իրենց քաղաքական ազդեցութիւնը կ՛ունենան երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն, բնականաբար նաեւ շրջանային զարգացումներուն վրայ:

Անդրադառնալով նախանցեալ օր Փութինի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Հայաստան եւ Ղազախստան պէտք է հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգեր ստեղծեն, Մանոյեան ընդգծեց, որ ատիկա շրջանին մէջ սրացումներ կը ստեղծէ: Ըստ Մանոյեանի, հաւանական է, որ Փութինի այդ յայտարարութիւնը, նախքան Հայաստան իր գալը, խօսք մըն է ուղղուած ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ Արեւմուտքին` ընդհանրապէս, որպէսզի ան շրջանային իր ծրագիրներուն մէջ ուշադիր ըլլայ:

Մանոյեան յայտնեց, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու սերտացումը կրնայ հայկական կողմին համար տարբեր վտանգներ պարունակել: Ան նշեց, որ տնտեսական յարաբերութիւններու սերտացումը կրնայ դրականօրէն անդրադառնալ երկու երկիրներու քաղաքական յարաբերութիւններու սերտացման վրայ, ինչ որ իր կարգին կրնայ անդրադառնալ նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ: Հայաստան որեւէ կարելիութիւն չունի ազդելու այդ յարաբերութիւններուն վրայ:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ Էրտողան իր խօսքին մէջ նշած էր «Քիւրտիստան» բառը. ան նկատի ունեցած էր Իրաքի Քիւրտիստանը եւ ոչ թէ Թուրքիոյ` փորձելով գոհացնել նաեւ Թուրքիոյ քիւրտերը: Ըստ անոր, Քիւրտիստան ըսելով Էրտողան նկատի չէ ունեցած Թուրքիոյ որեւէ տարածք, ուստի շրջանային զարգացումներուն մէջ այդ արտայայտութիւնը չի կրնար լուրջ փոփոխութիւններ նախանշել:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.