Աւստրալիոյ Հրեաները Կոչ Կ՛ընեն Խորհրդարանին Չսատարելու Ցեղասպանութեան Ուրացման
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ հրեաներու գործադիր խորհուրդը (ԱՀԳԽ) ազդեցիկ յայտարարութեամբ մը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքող փրոֆ. Ճասթին ՄըքՔարթիի ելոյթին առնչութեամբ:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, թէ հայկական ջանքերուն շնորհիւ, արդէն իսկ կարելի է ջնջել ՄըքՔարթիի ելոյթները, որոնք տեղի պիտի ունենային Մելպուռնի համալսարանին եւ Նոր Հարաւային Կալեսի Արուեստի պատկերասրահին մէջ: Սակայն, տակաւին օրակարգի վրայ կը մնայ Նոյեմբեր 21ի ելոյթը՝ Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերայի խորհրդարանի շէնքին մէջ:
Այս կապակցութեամբ, Աւստրալիոյ հրեաներու գործադիր խորհուրդը նշած է, որ Ցեղասպանութիւնը հերքողին հարթակ տրամադրելը կրնայ ստեղծել ժխտողական քաղաքականութեան պաշտօնապէս հաւանութիւն տալու սխալ տպաւորութիւնը:
«Մեր համոզումով՝ խորհրդարանի որեւէ մաս պէտք չէ չարաշահուի նման ձեւով», նշուած է ԱՀԳԽ յայտարարութեան մէջ, ուր կը շեշտուի նաեւ, թէ պատմաբաններու ճնշող մեծամասնութեան տեսակէտը այն է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու կոտորածները ցեղասպանութեան դիտաւորութիւն ունեցած է:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վաչէ Ղահրամանեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՀԳԽին, իր այս սկզբունքային դիրքորոշման համար:
Հայ Դատի յանձնախումբը նամակներ ուղարկած է աւստրալիական խորհրդարանի բոլոր անդամներուն՝ տեղեկացնելով Մըքարթիի ժխտողական հայեացքներուն մասին եւ խնդրելով երաշխաւորել, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանը չաջակցի Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտողական քարոզչութեան տարածման: