Երեւանի Բնակելի Շէնքերուն 80 Տոկոսը Երկրաշարժի Վտանգի Ենթակայ Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի մէջ բազմաբնակարան բնակելի շէնքերուն թիւը կը հասնի 4000ի, անոնց 80 տոկոսը երկրաշարժէ վնասուելու մեծ վտանգի ենթակայ է: 19 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Սէյսմիկ պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան շէնքերի եւ շինութիւնների սէյսմակայունութեան կենտրոնի պետ Գուրգէն Ամալեանը: Անոր համաձայն, այդ շէնքերը հիմնականօրէն կառուցուած են խորհրդային տարիներուն՝ 7-8 բալ ուժնութեամբ երկրաշարժին դիմանալու համար: «Դրանց սէյսմիկ ռիսկը բաւական բարձր է: Դրանք մինչ հիմա շահագործւում են կոպիտ խախտումներով», նշած է Ամալեանը:
Ան յայտնած է, որ մայրաքաղաքին մէջ կիսակործան վիճակի մէջ եղող շէնքերուն թիւը 40 է: «Միանշանակ ասել, թէ կոնկրետ քանի շէնք է այսօր վթարային, հնարաւոր չէ: Պէտք է դրանք մանրակրկիտ հետազօտել ու համապատսխան քայլեր իրականացնել, քանի որ սէյսմիկ ռիսկի նուազեցումը մեր ազգային անվտանգութեան խնդիրներից է», ըսած է Ամալեան:
Գուրգէն Ամալեան դիտել տուած է, որ շատ մեծ վտանգի մէջ եղող շէնքերը հիմնականօրէն կը գտնուին Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ: «Այսօր Հայաստանը չունի ֆինանսական հնարաւորութիւններ վթարային շէնքերը քանդելու եւ նոր շինութիւններ կառուցելու: Մեր շէնքերը, սակայն, կառուցւում են նախագծային թերութիւններով եւ շինարարական ցածր որակով: Փոքր-ինչ սէյսմակայուն կարելի է համարել նորակառոյցները», նշած է ան:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Սէյս-միկ պաշտպանութեան ծառայութիւն գործակալութեան պետ Հրաչեայ Պետրոսեանի համաձայն՝ Հայաստանը երկրաբանական այնպիսի դիրքի վրայ կը գտնուի, որ կարելի չէ խուսափիլ երկրաշարժներէն: «Սպիտակի երկրաշարժից առաջ մօտ 20 նախանշան է եղել: Եթէ այդ բոլորը հաւաքուած լինէին մի տեղում, ինչպիսին մեր ծառայութիւնն է, կարելի էր կանխատեսել երկրաշարժը: Այսօր յստակ արտայայտուած աննոմալ երեւոյթներ չկան», աւելցուցած է բանախօսը:
Պետրոսեան աւելցուցած է, որ այսօր համեմատաբար բարւոք վիճակի մէջ է Սպիտակի շէնքերուն վիճակը, քանի որ անոնք երկրաշարժէն ետք ամուր եւ դիմացկուն կերպով կառուցուած են։