ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ


 

 

Նոյեմբեր 16-ին, Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Լիլիամ Քեշիշեան պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Լիլիամ Քեշիշեան ծնած է 2 Մարտ 1952-ին Մոնթեվիտէօ։ Ան անդամ է «Լայն ճակատ» կուսակցութեան։ 1999-ին միացած է Յառաջդիմական դաշինքին ։ Քեշիշեան 2004-ին ընտրուած է երկրի խորհրդարանի անդամ, որմէ կարճ ժամանակ ետք նշանակուած է զբօսաշրջութեան փոխնախարար նախարար, իսկ Մայիս 2012-ին՝ զբօսաշրջութեան նախարար։

Քեշիշեան Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքայի քաղաքական խմբակցութեան անդամ է։ Քեշիշեանի դերակատար եղած է, որպէսզի Ուրուկուէյը ուղիղ կապեր հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ՝ խորհրդարանական մակարդակով։ Անոր շնորհիւ նաեւ վերցուած է Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ մուտքի արտօնագրերու դրութիւնը։

Տիկ.Քեշիշեան լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ կառավարութեան աջակցութեամբ պիտի բացուի Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած թանգարան։

Պատասխանելով «Ուրուկուէյը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն է։ Արդեօք կարելի՞ է, որ Ուրուկուէյը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնցող առաջին երկիրը ըլլայ» հարցումին Լիլիամ Քեշիշեան նշած է, որ այդ առումով իր յոյսը չի կորսնցներ։ «Չեմ կրնար կանխատեսել։ Պէտք է համբերատար եւ քրտնաջան աշխատանք տանինք այդ ուղղութեամբ։ Եւ ես յոյսով եմ, որ մենք պիտի կարողանանք օգնել։ Ես անձամբ մեծ յոյսով եմ, սակայն աշխարհը շատ աւելի բարդ է, քան մեր յոյսերը», եզրափակած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.