ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցական նուիրահաւաքին գոյացաւ 162 հազար տոլար


 

 

Նոյեմբեր 15-ին, Մոնթրէալի Լէ Քրիսթալ ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 200 Հայ Դատի զօրակիցներ։

Օրուան հանդիսավար Լոռի Ապրաքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան զեկոյցն ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը համապարփակ ձեւով ներկայացուց յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, շեշտելով, թէ յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր կիզակէտերն են հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դատը, Արցախի եւ Ջաւախքի հիմնահարցերը եւ գանատական քաղաքական դաշտին վրայ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ տարուող Հայ Դատի գծով քարոզչական նպատակաուղղուած աշխատանքները։ 

ՀՅԴ Բիւրոյի Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին զեկուցեց համաշխարհային գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն մասին, յայտնելով, թէ ներկայ հանգրուանին, 35 շրջաններու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը՝ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւն է։

Իրենց շրջաններու գործունէութեան մասին զեկոյցներով հանդէս եկան Ուաշինկթընի գրասենեակի նախագահ Քէն Խաչիկեան, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նորա Յովսէփեան, Արեւելեան ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան։

Օրուան հանդիսավար Լոռի Ապրաքեան յայտարարեց, թէ նուիրահաւաքի հանդիսութեան ընթացքին նուիրատուներէն գոյացած գումարը հասած է 162 հազար տոլարի։

Հանդիսութեան փակումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Խաժակ Արք. Յակոբեան, որ կոչ ուղղեց համայն գանատահայութեան տէր կանգնելու հայութեան արդար դատին եւ մասնակից դառնալու Հայ Դատի աշխատանքներուն։

Նուիրահաւաքի հանդիսութիւնները յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակուին Թորոնթոյի, Գէմպրիճի, Ս. Գաթրինզի, Համիլթընի եւ Վանգուվըրի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.