Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողով
1421
0
Նոյեմբեր 16-ին Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Գանատայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։ Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։
Առաջին օրուան նիստի ընթացքին իւրաքանչիւր շրջան ներկայացուց իր երկամեայ աշխատանքային զեկոյցը։
Երկօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի համաշխարհային ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ Հայ Դատի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրները։