ԹՈՒՐՔ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿԻՑԻ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ – «ԹՈՒՐՔ ԸԼԼԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ»
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի Գլխաւոր խմբագիր Օրալ Չալըշլար Իսթանպուլի մէջ կայացած իսլամացած հայերուն նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին լսած պատմութիւնները գրի առնելէն ետք բազմաթիւ նամակներ ստացած է։
Ան անդրադարձած է անոնցմէ մէկուն, որուն հեղինակն է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Վահիտ Էրտեմ։
ԷՐՏԵՄ ԳՐԱԾ Է
«Պարո՛ն Օրալ։ Արտասահմանցի որոշ փաստաբաններ այդ հարցին մէջ ձեզմէ աւելի խղճով են։ Ձեր գրիչը քիչ մըն ալ Էրզրումի մէջ հայերու կատարածներուն մասին թող գրէ։ Երանի ատիկա տեղի չունենար, սակայն այդ ողբերգութիւնը պատասխան կոտորածներու պատճառով եղած է։ Դուք կարծէք «ցեղասպանութեան» թեզը ընդունողներէն էք, այդ թրքատեացութեան գովազդն ալ օր մը վերջ պիտի ունենայ»։
Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԱՅՍ ՆԱՄԱԿԻ՝ ՕՐԱԼ ՉԱԼԸՇԼԱՐ ԿԸ ԳՐԷ
«1915-ի տեղահանութեան ընթացքին սպաննուած Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Գրիգոր Զոհրապի մասին պատմող գիրքին մէջ կը նշուի 1915-ի ապրիլի 24-ին իրենց տուներէն հաւաքուած 250 հայ մտաւորականներու մասին։ Երեսփոխան, փաստաբան, ճարտարապետ, երաժիշտ, բանաստեղծ, լրագրող, արուեստագէտ. քաղաքի երեւելի անունները իբրեւ քաղաքական բանտարկեալներ Անգարայի Այաս եւ Չանքըրը բանտերը կ՚ուղարկուին։ Ապա խումբ-խումբ մահուան երթի դուրս կու գան։
ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ
Անոնցմէ մէկը հայ յայտնի բանաստեղծ, բժիշկ Ռուբէն Սեւակն էր։ Սեւակը Լոզանի մէջ բժշկութիւն սորված էր, ամուսնացած էր գերմանացի հարուստ ընտանիքին աղջկայ հետ։ 1914-ին, բժիշկ աշխատելու նպատակով եկած է Պոլիս։ Որեւէ կուսակցութեան չէ անդամակցած։
«Իթթիհատ վէ Թերաքքի» կուսակցութեան առաջատար հասակակիցներու շրջանակին մէջ ընկերներ ունեցած է, կինը եղած է Գերմանիոյ քաղաքացի, եւ հակառակ այս հանգամանքներուն, ան ուղարկուած է Չանքըրը։ Նոյնիսկ անոր ազատ արձակելու հրամանը օգուտ չունեցաւ, եւ 3 ընկերներու հետ չարչարանքեր կրելով՝ թալանուեցաւ եւ սպաննուեցաւ։
Անոր Գերմանիոյ քաղաքացի կինը կը հրաժարի գերմանական քաղաքացիութենէն եւ կը դառնայ հայ։ Դուստրը՝ Շամիրամը, եւ որդին՝ Լեւոնը, Թուրքիոյ մէջ որոշ ժամանակ կը մնան մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու հետ, ապա կը մեկնին Ֆրանսա՝ իրենց մօր մօտ։
Շամիրամը 2005-ին պատմած է, որ հայրը Չանքըրըի մէջ բուժած է աղջիկ մը։ Աղջիկը սիրահարուած է Ռուբէնին։ Անոր հայրը խորհուրդ տուած է իսլամութիւնը ընդունիլ, ամուսնանալ դստեր հետ եւ փրկուիլ։ Հակառակ անոր, որ ընկերները փորձած են զինք համոզել, Ռուբէն մերժած է. «Ես իմ հայ ըլլալս չեմ կրնար ուրանալ, եւ կնոջս հանդէպ զգացած յարգանքս չեմ կրնար կորսնցնել», ըսած է ան։
1915-ի տեղահանութեան ընթացքին հարիւր հազարաւոր հայեր մահուան ուղարկուեցան։
«Էրդեմին ուղարկած իմ պատասխանիս մէջ գրած եմ.«Թուրք ըլլալուս պատճառով սպանութիւնները ստիպուած չեմ պաշտպանելու», կը գրէ յօդուածագիրը։
ՀՈՒՍԷՅՆ ՆԵՍԻՄԻ
Ի վերջոյ, ամբողջ ժողովուրդ մը հազարաւոր տարիներ իր բնակած հողերէն աքսորուեցաւ, պետութեան քաղաքականութեան գիտակցուած ճանապարհով բնաջնջուելու, ոչնչացուելու փորձի ենթարկուեցաւ։
Այդ ժամանակ այդ կոտորածին ոչ ըսող գիւղապետեր ալ կային՝ Հուսէյն Ներսիմի նման։ Անոնք ալ մեր նախահայրերն են։
«2015-ին մէկ տարի մնացած է։ Իբրեւ խղճի հարց՝ կրնան Ապրիլ 24-ին յարգել մեր հայրենակիցներու յիշատակը, եւ ամբողջ աշխարհին յայտարարել, որ մենք տեղի ունեցած կոտորածներուն չենք սատարեր», խորհուրդ տուած է հեղինակը։