«ցեղասպանութեան ընթացքին ձուլումը կիրարկուած է համակարգուած ձեւով, իսկ բռնի իսլամացումը այդ քաղաքականութեան հիմնական մասը եղած է», կ՚ըսէ Աքչամ
«Ակօս» շաբաթաթերթը անդրադարձ կատարած է Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի հիմնադրամի, Մալաթիոյ Հայտեր համագործակցութեան եւ Պողազճը համասլարանի կողմէ կազմակերպուած «Իսլամաց(ու)ած հայեր» նիւթով գիտաժողովին ընթացքին թուրք նշանաւոր պատմաբան դոկտ. Թաներ Աքչամի ներկայացուցած զեկուցումին, որ նուիրուած եղած է ցեղասպանութեան ժամանակ իրագործուած ձուլման հոլովոյթին։
Աքչամ արտայայտած է այն միտքը, թէ ձուլումը Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններէն դուրս մնացած է, եւ ձուլման յատկացուող անբաւարար ուսումնասիրութիւնը կը շարունակէ բացասական ազգեցութիւն ունենալ խնդիրին վրայ։
Նշելով, որ ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր ընկալուած է իբրեւ խումբ մը մարդոց ֆիզիքական ոչնչացում, Աքչամ ըսած է.«Քննարկուող որեւէ իրադարձութիւն դիտուած է 1948-ին ՄԱԿ-ի որդեգրած ցեղասպանութեան մասին ուխտի համապատասխանել-չհամապատասխանելու լոյսին տակ։ Հրեաներու ցեղասպանութիւնը ամէն ինչի կեդրոնը եղած է, եւ իւրաքանչիւր իրադարձութեան՝ ցեղասպանութիւն ճանչցուիլ-չճանչցուելու համար ծառայած է իբրեւ լիթմուսի թուղթ։ Որեւէ իրադարձութիւն ցեղասպանութիւն համարուած է այնքան, որքան նման եղած է Ողջակիզումին»։
Ըստ Աքչամի, Թուրքիոյ կողմէ պետական մակարդակով վարուող ուրացման քաղաքականութեան հետեւանքով ուժեղացած է Հայոց ցեղսապանութիւնը Ողջակիզումին նմանցնելու ջանքերը, եւ այդ հոլովոյթին մէջ մոռցուած է Հայոց ցեղասպանութեան Ողջակիզումին հետ ունեցած կառուցուածքային տարբերութիւնները։
Աքչամի խօսքերով՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով օգտագործուող աղբիւրներուն մէջ եւս ուշադրութիւն չէ դարձուած ձուլման.«Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւններու զեկուցումներէն, միսիոնարներու դիտարկումներէն ու ողջ մնացած հայերու յիշողութիւններէն կազմուած աղբիւրները մեծամասնութեամբ ցոյց չեն տար, որ անիկա կատարուած է համակարգային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք։ Ըստ այդ հասկացողութեան, խնդրոյ առարկան ամբողջովին տեղական տարրերու կողմէ իրականացուած խառնիխուռն գործողութիւններու շարքը եղած է։ Շատ պարագաներու ալ կրօնափոխութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ ծայրայեղական իսլամներու կողմէ կրօնական մոլեռանդութենէն ելլելով, հայերուն կրօնափոխութեան դրդելու գործելաոճ»։
Աքչամ կը նշէ, որ այն ժամանակուան ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ուղարկուած գաղտնագիրով հեռագրերէն 3-ին համար կարդալէ ետք ոչնչացնելու պահանջ ուղղուած է։ Նշեալ երեք հեռագրերուն ձուլման մասին ըլլալը ցոյց կու տայ, որ ժամանակի կառավարութիւնն ու Թալէաթ փաշան ինչ կարեւորութիւն կու տային ձուլման գործողութեան ծրագրին։
Ըստ Աքչամի, արդէն 1915-ի հոկտեմբերի վերջերուն «դարձին (իհթիտա- այլ կրօնքէ իսլամութիւն ընդունիլը) թոյլտուութիւն տուէք» բովանդակութեամբ հրամաններ կային, իսկ նոյեմբեր 5-էն սկսեալ անոնք սկսան կիրարկուիլ։ Այդ օր, առանց բացառութեան բոլոր շրջաններ կ՚ուղարկուին «Հայերու դարձի մասին» թռուցիկներ, որոնք ունէին հետեւեալ բովանդակութիւնը. «Կ՚ընդունուի բոլոր անոնց դարձը, որոնք չեն իրենց բնակավայրէն դուրս ուղարկուած։ Ուղարկուածները կրնան իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալ կամ մնալ ուղարկուած վայրերուն մէջ՝ ընդունելով իրենց կրօնափոխութիւնը»։
Թաներ Աքչամ կը նշէ, որ ցեղասպանութեան ձուլման հանգրուանին վերաբերեալ Օսմանեան փաստաթուղթեր չկան, սակայն Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ փաստաթուղթերու կողքին փաստագրական տուեալներ կը պարունակեն նաեւ ողջ մնացած հայերու յուշերը։
Ըստ Աքչամի, այս թեմայով ամենէն կարեւոր աղբիւրներէն է նաեւ չերքեզ Հասան Ամճայի յուշերը։ Այն ժամանակ «Թեշքիլաթը մահսուսէ»-ի մէջ ծառայող Հասան Ամճան այսօրուան Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող Տարաա բնակավայր ողջ հասած հայերու ամբողջ խումբի կրօնափոխութեան արարողութեան ականատեսը դարձած է։ Այս լուրը 1919-ի յունիսին 20-ին տպուած է «Ալմետար» թերթին մէջ։ Աքչամ կը ներկայացնէ նաեւ այդ ժամանակուան Գերմանիոյ դեսպանի այս թեմայի վերաբերեալ պարզաբանական տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, իսլամական մոլեռանդութիւնը իթթիհատական ղեկավարութեան համար խորթ գաղափար էր, եւ անոնց կողմէ հայերու իսլամացումը զանոնք ձուլելու միտում ունէր։ Սկիզբը իսլամացման թոյլտուութիւն տալու, իսկ ետքը ատկէ հրաժարելու պատճառն ալ, ըստ դեսպանի, եղած է կրօնափոխ հայերու քանակի արագ աճը։
1915-ի յուլիսի 12-ին, աքսորավայրեր ուղարկուած հեռագրով կը յայտնուի, որ հայերու տեղահանութեան իբրեւ հետեւանք առանց ծնողներու մնացած առողջ երեխաները խնամքի եւ դաստիարակութեան համար պէտք է որդեգրուին տեղւոյն յառաջադէմ եւ յարգարժան մարդոց կողմէ։ Իսկ 1915-ի օգոստոսի 11-ին որդեգրուած որոշման համաձայն, նշեալ երեխաներու մահացած ծնողներու ժառանգութիւնը կրնար յանձնուիլ խնամակալ ընտանիքին։ Ըստ Աքչամի, այս որոշումը ինքնին կը ներկայացնէր ձուլումը խրախուսող տնտեսական խթանման ծրագիր։
Թուրք պատմաբանը զեկուցումը աւարտած է հետեւեալ խօսքերով.«Այս բոլոր փաստերու լոյսին տակ առանց վարանելու կրնանք ըսել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ձուլումը կիրարկուած է ծայրաստիճան համակարգուած ձեւով, իսկ բռնի իսլամացումը այդ քաղաքականութեան հիմնական մասը եղած է»։