38 ՕՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ. «ՄՕՐՍ ԸՍԻՆ՝ ԵԹԷ ՓՐԿԱԳԻՆԸ ՉՏԱՅ, ԳԼՈՒԽՍ ՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԵՆ»


 

 

Haynews.am կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներուն մօտ 38 օր գերի մնալէ ետք, մեծ փրկագինով ազատ արձակուած սուրիահայ Ալեքս Շխըրտմեան, որ վերջերս Երեւան ժամանած է, կայքէջի խմբագրատան մէջ կատարուածի մասին կը պատմէ այնպիսի հանդարտութեամբ, որ կը թուի, թէ հոլիվուտեան մարտաՖիլմէ մը դրուագներ կը պատմէ։ Ան յայտնած է, որ «մեզ մորթուող անասունի նման կախեցին ու սկսան ծեծել. ամէն օր կը ծեծէին այնպէս, կարծես մեզի հետ պասքեթպոլ կը խաղային»։

Ալեսք կը յիշէ, որ պատերազմին սկսելէն առաջ լաւ ժամանակներ էին, երբ ինք կ’աշխատէր ձայնասփիւռի կայանի մը մէջ, կը նուագէր տարբեր զբօսավայրերու մէջ՝ ներառեալ Տուպայի մէջ։ 

Նախ կը պատմէ, թէ ինչպէս ներկայիս Սուրիոյ մէջ կ’ապրին. «Եթէ կ’ուզես հաց գնել, այլեւս խանութ չկայ։ Հիմա ամէն ինչ տան մէջ կը պատրաստեն, եթէ կարելիութիւն ըլլայ, որովհետեւ ինչքան դժուար է հաց գտնելը՝ նոյնքան դժուար է գտնել ալ այն ամէնը, որոնցմով հաց կը պատրաստեն։ Մէկ խօսքով՝ կ’ապրին այնպէս, ինչպէս մարդիկ կ՚ապրէին դարեր առաջ։ Չկայ ելեկտրականութիւն, այսինքն ոչ մէկ մեքենայ կրնայ աշխատիլ։ Նոյնիսկ ելեկտրական շարժակով ելեկտրականութիւն ստանալու համար պէտք է մազութ կամ պենզին, իսկ ո՞ւր է մազութը. ոչ մէկ տեղ մազութ չկայ։ Կ’ուզես բան մը գնել, սակայն ո՞ւր է խանութը. խանութ չկայ։ Ատոր համար սննդեղէնը քանի մը անգամով սղցած է»։

Ըստ Ալեքսի, բոլոր հայերը կը փախչին Սուրիայէն. «Հարուստները երկրէն կ’երթան, իսկ ոչ հարուստները չկարողանալով դիմանալ ամէն բան կ’ընեն՝ երկրէն դուրս գալու համար…»։

Իր երեք հայրենակիցներու հետ ընդդիմադիր զինեալներու մօտ գերիի կարգավիճակի մէջ յայտնուելուն մասին Ալեքս կը պատմէ.«Եթէ սարքաւորում չունիմ, ուրեմն աշխատանք չունիմ։ Եթէ աշխատանք չունիմ, ուրեմն ոչ մէկն են։ Ես սարքաւորումներս հետս առած էի, Հայաստան պիտի գայի։ Ատիկա Օգոստոս 10-ին էր։ Փոխադրակառքի վարորդին 200 տոլար վճարած էինք Թուրքիոյ հետ սահման հասնելու համար։ Սակայն մենք՝ չորս հայերս, յայտնուեցանք զինեալներուն ձեռքը»։

Ընդդիմադիր զինեալներուն մասին քմծիծաղով կը յիշէ. «Անոնք կատարեալ տգէտ են։ Ոչինչէ գաղափար ունին՝ ոչ ռազմական սարքերէ, ոչ մեքենաներէ։ Գեղեցիկ աղջիկ մը տեսան՝ «ալլահ աքպար, ալլահ աքպար, ալլահ աքպար»՝ կ’ըսեն ու աղջիկը իրենց կինն է։ Կը պատկերացնէ՞ք, անոնք իմ iPad-ը կ’օգտագործէին իբրեւ ափսէ։ Տեսայ, որ ատոր հետ իրարու սուրճ կը հրամցնեն, կ’ըսեմ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ատիկա լափ-թոփ է», կ’ըսեն. «Լափ-թոփը ի՞նչ է», կ’ըսեմ. «Համակարգիչ», կ’ըսեն. «Համակարգիչը ի՞նչ է»…(կը քմծիծաղի)»։

Ընդդիմադիր զինեալներու «փայլուն գիտելիքներու» մասին դրուագ մը եւս.« Փաստաթուղթերս նայեցան, կ’ըսեն. «Հա՞յ ես, հայերը ՄԻԿ ռազմօդանաւ ստեղծած են, ուրեմն մեզի ՄԻԿ բերէք ու մենք ձեզ ազատ կ’արձակենք»։

Ալեքսը, որ մինչ այդ 100 քիլօ կը կշռէր, ահաբեկիչներու մօտէն հեռանալէն ետք արդէն 65 քիլօ մնացած է։ «Մեզի 9 հոգիի համար մէկ հաց կու տային։ Իսկ յաջորդ հացը՝ 24 ժամ ետք։ Օրուան ընթացքին մեզի կը ստիպէին իրենց համար օգտակար գործ կատարել՝ իրենց հրթիռները, զէնքերը կը տեղափոխէինք տեղէ տեղ», կը պատմէ ան։

Ալեքսը ազատ արձակելու համար պահանջած են 500,000 տոլար։ «Անոնք միայն մէկ նպատակ ունին՝ կռուիլ ու դրամ դիզել։ Իրենց համար քրիստոնեայ սպաննելը ոչինչ կը նշանակէ, աւելին ատոր համար դրախտի մէջ «տեղ կը ստանան»։ Անոնք մօրս հետ հեռաձայնով զրուցեցին ու ըսին, որ եթէ գումարը չտայ, գլուխս փաստաթուղթերու հետ տուն պիտի ղրկեն», կը պատմէ ան։

Գումարը վճառուելէն ետք, ազատութեան մէջ յատնուած Ալեքս Շխըրտմեանը փորձած է իր սարքաւորումները ետ ստանալ, առանց որոնց աշխատիլ, դրամ շահիլ չի կրնար։ «Իմ hard disk-իս համար պահանջեցին 10 հազար տոլար։ Ես ոսկեղէնս ու այլ իրեր ծախեցի եւ ձեւով մը կրցայ 5000 տոլար հաւաքել… ձեւով մը ձեռք ձգեցի hard disk-ս»։

Ալեքս կը նշէ, որ ամէն բան պէտք է նորէն սկսիլ, միաժամանակ կ’ուզէ աշխատիլ իր մասնագիտութեան մարզին մէջ։ «Ես դէմ չեմ ամէն բան սկիզբէն սկսելուն, սակայն արհեստավարժ ձայնի հաղորդավար եմ, չեմ կրնար երթալ ու մատուցող աշխատիլ, հակառակ անոր, որ բոլոր աշխատանքները կը յարգեմ», կ’ըսէ ան։

Երեւանի փողոցներուն մէջ տակաւին բոլորովին չկողմնորոշուող Ալեքսը արդէն աշխատանքի փնտռտուքի մէջ է, կը հետաքրքրուի, որ ի՞նչ վայրեր կան Երեւանի մէջ, որտեղ կարելի է նուագել։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.