ԹՈՒՐՔԻԱ 83 ԵՐԿԻՐՆԵՐԷ ԵԿԱԾ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒ ԱՐՏՕՆԱԾ Է ՍՈՒՐԻԱ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼ


 

 

«Կլոպըլ Ռիսըրչ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ վերջերս յայտարարած է, թէ Թուրքիա 83 երկիրներէ եկած ահաբեկիչներու արտօնած է Սուրիա մուտք գործել։

Մըքտատ «Ալ-Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին քննադատած է Սուրիոյ մէջ ըմբոստութեան արտասահմանեան աջակիցները՝ յայտնելով, որ սուրիացի ժողովուրդին օգնելու փոխարէն՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա անոնց յաւելեալ զէնքեր կ՚ուղղարկեն, որպէսզի պատերազմը շարունակեն։

Մըքտատ մասնաւորաբար քննադատած է Անգարայի կառավարութիւնը եւ յայտնած, որ Թուրքիա Սուրիոյ նկատմամբ շատ վնասակար կեցուածք որդեգրած է։ «Անոնք 83 երկիրներէ եկած ահաբեկիչներու արտօնած են Սուրիա մուտք գործելով ոճիրներ գործելու», ըսած է ան։

Սուրիոյ մէջ 130 հազար ոչ սուրիացի զինեալներ կը կռուին

 

Սեպտեմբերին ամերիկեան վիճակագրութեան «Փենթափոլիս» գործակալութեան կողմէ պատրաստուած զեկուցում մը ցոյց տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ առնուազն 130 հազար ոչ սուրիացի զինեալներ կը կռուին։

Այդ զինեալներու մեծամասնութիւնը Լիբանանէն, Յորդանանէն եւ Թուրքիայէն Սուրիա մուտք կը գործէին, սակայն ներկայիս զինեալներու մատակարարման գլխաւոր ճամբան Թուրքիոյ սահմաններն են, ինչ որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան սահմաններուն մօտ գտնուող Հալէպը արտաքին աջակցութիւն վայելող զինեալ խմբաւորներու ամրոցի վերածած է։

Մըքտատ յայտնած է, որ իր երկրին մէջ ահաբեկիչներուն աջակցողները թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նման արեւմտեան երկիրներէ եկած են, թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ նման կարգ մը արաբական երկիրներէ։ «Սուրիացի ժողովուրդը զանոնք իրենց երկրին հասած վնասին պատասխանատու կը նկատեն», ըսած է ան։

Մըքտատ աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն երկակի չափանիշեր կը կիրարկէ եւ Սուրիոյ նկատմամբ ապակողմնորոշող դեր կը կատարէ, սակայն հակառակ ատոր իրենք պատերազմին աջակցողներուն կը յայտնեն, որ իրենք պիտի շարունակեն դիմադրել։

Ըստ ՄԱԿ-ի, աւելի քան երկու տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառով 100,000 մարդ սպաննուած է եւ միլիոններ տեղահանուած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.