«Հայկական Պնդումներու» Դէմ Աշխատաժողով Թուրքիոյ Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական հարցին ու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ մէջ այլեւս պարզուած են երկու հակադիր տեսարաններ։ Առաջինով կը տեսնուին յառաջապահ ու ազատամիտ մտաւորականութեան մը կողմէ կազմակերպուած համագումարներ, որոնք ամբողջ մերկութեամբը կը քննարկեն 1915ի պատահարները, կ՛ընդգծեն անոր Ցեղասպանութիւն մը ըլլալու հանգամանքը, կը խօսին զոհերու եւ գործուած ոճիրներուն մասին։ Վերջերս Պօղազիչի համալսարանին մէջ, իսլամաց«ու»ած հայերու մասին կազմակերպուած եռօրեայ համագումարը անոնցմէ մէկն ու ամէնէն համապարփակն էր։
Երկրորդին մէջ ալ կը տեսնուին Անատոլուի զանազան քաղաքներու համալսարաններ կամ այլ պահպանողական կամ ազգայնապաշտ հաստատութիւններ, որոնք համագումարներ կը կազմակերպեն՝ ժխտելու համար հայոց պնդումները ու պաշտպանելու համար այն գաղափարները, որոնք պետութեան կողմէ առաջ քշուեցան, իբրեւ այս հարցին մէջ պետական պաշտօնական տեսակէտ։ Այս երկրորդ դասակարգի աշխատանքներուն ամէնէն նոր օրինակն է Պուրտուրի «Մեհմետ Աքիֆ Էրսոյ» համալսարանին մէջ բացուած աշխատաժողովը, որ իր աշխատանքին սկսաւ՝ կերպով մը ջրելու համար հայկական պնդումները։
Այս համագումարը կազմակերպուեցաւ այդ համալսարանին ու «Համաշխարհային երիտասարդներու բարեկամութեան ու զօրակցութեան միութեան» համատեղ ճիգերով։ Համագումարին նիւթն էր «Համաշխարհայնացումի պայքարին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումները»։ Համագումարի առաջին օրը, «Հանրային դիւանագիտութիւն ու Հայկական Հարցը» նիւթին շուրջ բանախօսեց համալսարանի դասախօսներէն Ճան Իւնվեր։
Հայկական պնդումներուն դէմ կազմակերպուած համագումարի մը համար, անշուշտ կարեւոր հարց է անդրադառնալ Խոջալուի պատահարներուն, որոնք ատրպէյճանցիներուն կողմէ որակուած են «հայոց կողմէ գործուած ցեղասպանութիւն»։
Հետաքրքրական է այն, որ այս մակարդակի վրայ աշխատող անձեր, հայկական պնդումները կը կապեն Ղարաբաղի հարցին, հակառակ անոր, որ այս երկուքը երբեք կապ չունին իրարու հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.