Հայաստանի Մնայուն Բնակչութեան Թիւը Նուազած Է 265 Հազարով


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մնայուն բնակչութեան թիւը՝ 2013 թուականի Հոկտեմբեր 1ի դրութեամբ՝ կը կազմէ 3 միլիոն 17 հազար մարդ: Անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը եղած է 3 միլիոն 282 հազար։
Բնականաբար, մինչեւ Դեկտեմբեր 31, որոշ թիւով մարդիկ պիտի վերադառնան Հայաստան՝ արտագնայ աշխատանքի մեկնածները եւ այլն, Ամանորը իրենց տան մէջ տօնելու համար, եւ մնայուն բնակչութեան՝ անցեալ տարուան ու այս տարուան թիւերու տարբերութիւնը պիտի  նուազի: Բայց 1 Հոկտեմբերի դրութեամբ արձանագրուած տուեալներու բաղդատութեամբ՝ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւի տարբերութիւնը 265 հազար է:
Մնայուն բնակչութեան թիւը կը գոյանայ 2011 թուականի մարդահամարի հիման վրայ կատարուող հաշիւներով՝ ծնունդներու, մահացածներու, մեկնածներու ու վերադարձածներու համապատասխան թիւերը հաշուի առնելով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.