ԻՍԼԱՄԱՑՈՒԱԾ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է իսլամացուած հայերու մասին խորհրդաժողով մը, որու ընթացքին այլ հարցերու կողքին ներկայացուած են նաեւ հայ կանանց պատմութիւնները։ Այդ պատմութիւններէն մէկը, որ խորհրդաժողովի ընթացքին պատմած է մտաւորական Նեւին Եըլտըզ Թեհինճիօղլու, հրապարակուած է թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ։
Ուրֆայի մէջ ապրած Սառա ստիպուած եղած է բռնի ամուսնանալ իր ծնողները սպաննած թուրք Այըփ աղայի հետ, որ համիտիյէ գունդերու գլուխն անցած կը յարձակէր հայկական գիւղերու եւ բնակավայրերու դէմ։
15-ամեայ Սառայի գիւղի դէմ ալ կը յարձակին եւ տղամարդոց կը հաւաքեն, կը տանին։ Դէպքէն մէկ ամիս ետք, երբ Սառան ձորը լուացք կ՚ըներ, շան բերանը մարդու ձեռք կը տեսնէ եւ այդ ձեռքի վրայ եղող ժամացոյցէն կը կռահէ, որ ատիկա իր հօրեղբօր ձեռքն է։ Շան ետեւէն կ՚երթայ մինչեւ «հայկական քարանձաւ» կոչուող վայրը եւ այնտեղ իրենց գիւղի տղամարդոց մասնատուած մարմինները կը գտնէ։
Ողջ մնացածները կ՚որոշեն հեռանալ գիւղէն, սակայն Այըփ աղան զիրենք կը բռնէ եւ, օրեր շարունակ տեղ մը պահելով, սովի կը մատնէ։ Այըփ աղան, որ արդէն երկու կին ունէր, կը սիրահարի Սառային եւ կը պահանջէ, որ իր հետ ամուսնանայ։ Երբ Սառան կը մերժէ, Այըփ կը սպանէ անոր մայրը, Սառան դարձեալ չ՚ընդունիր առաջարկը, որմէ ետք աղան կը սպաննէ նաեւ աղջկան հայրը։ Իսկ երբ Այըփ կ՚ուզէր Սառայի եղբօր սպանել, աղջիկը կը համաձայնի երկու պայմանով՝ նախ եղբայրը պիտի չսպանէին եւ երկրորդ՝ իր անունը, որ հայրը իրեն տուած էր, պիտի չփոխուէր։
Այըփ աղան համաձայն կը գտուի, սակայն մէկ տարի ետք Սառայի եղբայրը կը մահանայ կասկածելի պայմաններու մէջ։ Իսկ Այըփ աղան կը սկսի Սառան սարսափելի ճնշումներու ենթարկել։ Այըփ եաթաղանով, որով հարիւրաւոր հայեր սպաննած էր, Սառայի մարմնին վրայ խաչեր կը գծէր, կը բռնաբարէր։ Սառան 15 երեխայ կ՚ունենայ, որոնք բոլորն ալ կը մահանան։ Սառան կամ ալ Այըփի միւս կիներէն մէկը երեխաները թունաւորելով սպաննած էր։
Սառայի մահն ալ շատ ողբերգական եղած է։ Երբ ան գերեզմանոց կ՚երթար, անոր բարեկամնները, որոնք չէին հաւատար, որ Սառան մահմետական է, կը յարձակին անոր վրայ, ըսելով, որ եթէ դուն ալ իսլամ ես, ապա նամազ ըրէ։ Սառան համաձայնելով կը մտնէ նամազ ընելու, որմէ անմիջապէս ետք ուղեղի կաթուած կը ստանայ եւ կը մահանայ։
Սառայի պատմութիւնը աւարտելէ ետք, մտաւորականը յայտնած է, որ այս պատմութեան մէջ «վատերը»՝ Այըփ աղան ալ, այս պատմութիւնը իրեն պատմողներն ալ իր բարեկամներն եղած են։
«Սխալ է, որ վնաս կրածները գան եւ ըսեն.«Մենք վնաս կրած ենք»։ Յանցագործները, երբ ըսեն, մենք մարդասպան ենք, այդ ժամանակ անցեալի վէրքերը պիտի բուժուին», ըսած է Նեւին Եըլտըզ Թեհինճիօղլու։