«Ցեղասպանութիւն» Բառը Խոջալուի Դէպքերուն Կապելու Պաքուի Փորձը Ձախողած Է Անգարայի Մէջ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ Խոջալուի պատահարներու մասին հետաքրքրական լուր մը, ըստ որուն՝ Անգարայի կուսակալութիւնը ընթացք տուած է Քըզըլճահամամի քաղաքապետութեան այն առաջարկին, ըստ որուն՝ թանգարան մը եւ հանրապարտէզ մը կը բացուին «Խոջալուի դէպքերուն ի յիշատակ», սակայն կուսակալութիւնը մերժած է այդ թանգարանը «Խոջալուի ցեղասպանութեան թանգարան» կոչելու առաջարկը։ Կուսակալութեան տեսակէտն այն է, որ այսպիսի թանգարանի մը համար «ցեղասպանութիւն» բառի գործածութիւնը դիւանագիտական դժուարութիւններ կրնայ ստեղծել։
Ինչպէս յայտնի է, Ատրպէյճան շարունակ կը պնդէ, որ հայերը Խոջալուի մէջ ատրպէյճանցիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրած են։ Կարգ մը երկիրներու մէջ բացուած են Խոջալուի դէպքերուն նուիրուած «ցեղասպանութեան» թանգարաններ կամ յուշարձաններ, բայց Անգարայի կուսակալութիւնը սխալ գտած է այդ կոչումը:
Թանգարանը կը բացուի Ատրպէյճանի կառավարութեան զօրակցութեամբ. անոր հիմնարկէքին ներկայ գտնուած են բազմաթիւ ատրպէյճանցի երեսփոխաններ։ Խոջալուի դէպքերուն տարեդարձը ամէն տարի կը նշուի Փետրուար 26ին, իսկ յառաջիկայ Փետրուարին պիտի նշուի այս պատահարին 22րդ տարեդարձը, ուստի պատասխանատուները կը ջանան ամէն ինչ ընել, որպէսզի թանգարանը բացուելու պատրաստ ըլլայ մինչեւ այդ թուական։ Ամէն պարագայի, թանգարանը «ցեղասպանութեան թանգարան» պիտի չկոչուի։