Թուրքիոյ Իսլամացած Հայերը Կարծէք Քաւարանի Մէջ Ապրած Են. «Հիւրրիյէթ»


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով Թուրքիոյ մէջ բռնի կերպով իսլամացած հայերը իրենց կեանքը, կարծէք, քաւարանի մը մէջ կ՛անցընեն, որովհետեւ անոնք չեն ընդունուած ե՛ւ Թուրքիոյ ե՛ւ հայութեան կողմէ», Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին գրած է «Հիւրրիյէթ» թերթը՝ անդրադառնալով Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ու իսլամացած հայերու նուիրուած գիտաժողովին:
«Հիւրրիյէթ»ի թղթակից Վերճիհան Զիֆլիօղլու օրինակներ տուած է նշեալ գիտաժողովին մասնակցողներու ելոյթներէն: «Ես կը յաճախէի գիշերօթիկ դպրոց, ուր միւս երեխաները զիս «անհաւատ» կ՛անուանէին: Ես չէի գիտեր, թէ այդ ի՞նչ կը նշանակէ, այլ միայն կը մտածէի, որ անոնք զիս չեն սիրեր», պատմած է Սատըք անունով իսլամացած հայերէն մէկը՝ Ատըեամանէն: Ան նշած է նաեւ, որ հասարակութենէն ընդունուած չըլլալու իրողութիւնը կանխորոշած է իսլամացած հայերուն ամբողջ կեանքը:
23ամեայ Պերֆինը, որ Օքսֆըրտի համալսարանին մէջ դոկտորական թէզը կը պատրաստէ, պատմած է արտասահմանի մէջ իր ինքնութեան յառաջացուցած խնդիրներուն մասին: «Երբ ես Ֆրանսայի մէջ դիմեցի ուսանողական կացարանի համար, անոնք մկրտութեան թուղթ պահանջեցին եւ չընդունեցին զիս, քանի որ չունէի ատիկա: Այո՛, քրիստոնեայ հայերն ալ լուրջ խնդիրներ ունեցած են, բայց անոնք ապրած են իրենց հայկական ինքնութեամբ: Մենք ստիպուած եղած ենք հարիւր տարի ապրելու լուռ յուսահատութեամբ», ըսած է ան:
Այլ մասնակից մը, որ ներկայացած է իբրեւ Հ. Թ., պատմած է, թէ իսլամացած հայերուն մէկ մասը իր տուներուն մէջ փորձած է պահպանել քրիստոնէական աւանդոյթները, սակայն դուրսը հանդէս եկած է իբրեւ իսլամ: «Ապրիլ՝ կը նշանակէ դիմակայել, եւ մենք կանգուն մնացինք: Ինչ ալ ըրինք, մեզ «անհաւատ» կոչեցին: Այժմ քրիստոնեայ հայերը եւս մեզ չեն ընդունիր, եւ մենք կարծէք միջանկեալ դիրքի մը մէջ մնացած ենք», ըսած է ան, աւելցնելով, թէ իսլամացած հայերէն շատերը այսօր եւս կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը՝ չկարենալով կտրել թրքական հասարակութեան մէջ առկայ «թապու»ն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.