«Ենի Մուսավաթ». Ըստ ազրպէյճանական հասարակական կազմակերպութիւններու, ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին սպաննուած է 24500 ազրպէյճանցի զինուոր
Ղարաբաղեան պատերազմէն 21 տարի ետք, Ազրպէյճան պաշտօնապէս չէ յստակացուցած պատերազմին ընթացքին զոհուած ազրպէյճանցիներու թիւը:
«Ենի Մուսավաթ» թերթը սեփական հետազօտութիւն կատարելով բացայայտած է, որ ազրպէյճանական բանակի հիմնական կորուստները եղած են Աղտամի շրջանին մէջ, ինչպես նաեւ 1994-ի ձմրան եւ գարնան ամիսներուն Քարվաճառի շրջանին մէջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին: Այդ գործողութիւններուն ընթացքին գործուած սխալներու պատճառով հազարաւոր ազրպէյճանցի զինուորներ սպաննուած են:
Ըստ թերթին, Ազրպէյճան ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին 20 հազար մարդ կորսնցուցած է, 50 հազար մարդ վիրաւորուած է, 486 մարդու ալ ճակատագիրը անյայտ կը մնայ:
Ամենէն լուրջ կորուստները Աղտամի շրջանին մէջ եղած են՝ շուրջ 7000:
«Սակայն, կորուստները չեն սահմանափակուիր միայն պատերազմական գործողութիւններու ժամանակաշրջանով: 1994-ին զինադադարի մասին համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք, ազրպէյճանական բանակին մէջ հազարաւոր զինուորներ սպաննուած են: Մեր տեղեկություններով` 1995-էն մինչեւ հիմա ազրպէյճանական բանակը 5 հազարէն աւելի զինուոր կորսնցուցած է»,- կը գրէ թերթը: Նշենք, որ Ազրպէյճանի պաշտօնատարները ղարաբաղեան պատերազմին մէջ ազրպէյճանցիներու կորուստներուն մասին յաճախ տարբեր թիւեր կու տան՝ փորձելով կրճատել զոհերուն քանակը: Այսպէս, եթէ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւ 1994-ի յունիսին կը խօսէր 21 հազար զոհերու մասին, գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ալ-Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցի ժամանակ (2011-ի Հոկտեմբերին) յայտարարած է 13-15 հազար զոհերու եւ անյայտ կորածներու մասին:
Յատկանշական է, որ 2007-ի Փետրուարին ազրպէյճանական 9 հասարակական կազմակերպութիւններ եւ 3 փորձագէտներ հրապարակած են սեփական տուեալներ, ըստ որոնց, ղարաբաղեան պատերազմին մէջ 24 հազար ազրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է, ինչպէս նաեւ 4.5 հազարի ճակատագիրը անյայտ կը մնայ: