Կ՛առաջարկուի Իսլամացած Հայերու Հարցով Համագումար Կազմակերպել Նաեւ Պատմական Հայաստանի Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, իսլամացած հայերու նուիրուած Պօղազիչի համալսարանի եռօրեայ համագումարին երրորդ ու վերջին օրը անցաւ՝ ներկայութեամբ ամբողջ սրահը լեցնող հետաքրքրուողներու բազմութեան մը, որուն մէջ հաւանաբար մեծ թիւ կը կազմէին իսլամացած հայերու թոռները։ Երկուշաբթի օրուան նիստը ութերորդն էր ու անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցան Անոյշ Սիւնի, Հելիթ Անահիտ, Ալիս Ֆոն Պիպերշթայն. երեքն ալ՝ հայկական ծագումով։ Անոյշ Սիւնի ընդհանրապէս խօսեցաւ այն խնդիրներուն ու հոգեկան վէրքերուն մասին, որոնք կը ստեղծուին անուններու բռնի փոփոխութենէն. բան մը, որ յաճախ կը պատահի, երբ կը կատարուի կրօնափոխութիւն կամ ազգափոխութիւն։ Նոյնը կը պատահի նաեւ տեղերու անուններու պարագային։ Ան խօսեցաւ նաեւ իրենց հայրենիքէն կամ բնակավայրէն պարտադրաբար բաժնուողներուն ապրած ողբերգութեանց մասին։ Անոնք, իրենց կրօնքէն կամ ազգութենէն անջատուած՝ իրենք զիրենք առանձին ու ընկերութենէն արտաքսուած կը զգան։
Հելիթ Անահիտ ծնած է Պոլիս, բայց կ՛ապրի Սփիւռքի մէջ։ Ան աւելի քան 500 հոգիի հետ հարցազրոյցներ ըրած է ու պատրաստած բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյ մը։ Իր հետազօտած գլխաւոր նիւթը հետեւեալն է. «Ձեզի ի՞նչ զգացնել կու տայ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու գաղափարը»:
Նիստին յաջորդեց քննարկում մը, որուն վարիչն էր Ռոպեր Գոփթաշ, իսկ անոր շուրջ հաւաքուած էին հրապարակագիր ու պատմաբան Ճեմալ Ուշաք, Հիտայէթ Շեւգաթլը Էիւքսէլ եւ Պոլսոյ բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Նիստին ընթացքին կապ պիտի հաստատուէր նաեւ հայր Լեւոն Զեքիեանի հետ, ինչ որ առաջին վայրկեաններուն կարելի չեղաւ՝ թեքնիք խանգարումի հետեւանքով։ Ուշաք հաւասարակշռեալ ելոյթ մը ունեցաւ ու գործածեց նախադասութիւն մը, զոր լսած էր հայերու բերանէն եւ շատ սիրած։ Այդ նախադասութիւնն էր՝ «Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի թուրքերը ճիշդը գործադրեն»։ Ուշաք շատ

հետաքրքական գտաւ այս հարցումը ու ընդգծեց, թէ իսկապէս այսպիսի ռազմավարութիւն մը կարեւոր էր։ Ատոր համար ալ, ըստ անոր՝ «Հայերը պէտք է խուսափին շատ կարծր մօտեցումներէ։ Ուրեմն, պէտք է, որ նաւակին թիերը շատ խորունկ չմխրճուին, առայժմս ջուրի եզերքէն շարժին, որպէսզի տակը նստած ցեխը արգելք չհանդիսանայ»։
Հիտայէթ Շեւգաթլը իր կարգին խօսեցաւ ո՛չ միայն իսլամացած հայերու ապրած ողբերգութեան մասին, այլ նաեւ կերպով մը վերլուծեց Անատոլուի մարդուն որոշ սովորութիւնները եւ զգուշութիւնները։ Ան կարեւոր տեղ տուաւ այս խնդիրին մէջ մարդոց ունեցած այն անհանգստութեան, զոր յանցագործը կ՛ունենայ, ու պատմեց, թէ Անատոլուի մարդը զգոյշ է ու մէկու մը հետ խօսելու ընթացքին անպայման նախ կը հարցնէ, թէ դիմացինը որտեղացի է։ Ան եւս իր կարգին ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ մէջ որքա՛ն դժուար է հայ ըլլալը։
Այս նիստին ամէնէն ուժեղ ելոյթը եկաւ պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուէն, որ յիշեց կրօնական այն պատգամը, թէ՝ «ճշմարտութիւնը քեզ ազատ պիտի դարձնէ»։ Աղապալօղլու ըսաւ, որ ճշմարտութիւնը գլխաւոր է կեանքի մէջ. ճշմարտութիւնը մարդը կրնայ տանիլ մինչեւ խաչ եւ մահ, ինչպէս տարաւ Քրիստոսը, բայց այդ ճշմարտութիւնն է, որ կը բարձրացնէ մարդուս բարոյականութիւնը ու մարդուս կու տայ ազատութեան զգացում։ Պատասխանելով Ճեմալ Ուշաքի դիտողութեան, թէ՝ նաւակին թիերը պէտք չէ շատ խորունկ մխրճել, որպէսզի անոնք տակը մնացած ցեխը չվերցնեն՝ պատուելին ըսաւ, որ կարեւորը թիերուն իջած խորութիւնը չէ, այլ կարեւորը ցեխն է, որովհետեւ, եթէ ցեխ կայ, այդ ցեխը պիտի հոտի՝ թիերը խորունկ մխրճես կամ չմխրճես։ Աղապալօղլու ցնցիչ նախադասութիւններով անդրադարձաւ 1915ի Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան ու ընդգծեց, թէ այսօր երկիրը պէտք ունի քաջարի մարդոց։
Եռօրեայ այս համագումարի վերջին հաւաքը նուիրուած էր «Թոռները» թեմային։ Գլխաւոր թոռը արդէն փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինն էր, որ պիտի հանդիսանար առաջին զեկուցողը։ Այս հաւաքոյթին հանդիսավարն էր Այշէ Կիւլ Ալթընայ, որ յայտնեց, թէ զեկուցողները կարճ պիտի խօսին, որպէսզի վերջաւորութեան ներկաներն ալ կարծիքներ արտայայտեն ու հարցումներ ուղղեն։
Չեթին յիշեցուց, որ այս համագումարին ընթացքին շատ գործածուեցաւ «փսփսուք» բառը, որով կը բացատրուէր, թէ իսլամացած հայերու ժառանգորդները կը վախնային իրենց հայկական արմատը բարձրաձայն հրապարակելէ ու հազիւ իրարու հետ փսփսուքով կը խօսէին։ Հիմա այլեւս կարելի է խօսիլ բարձրաձայն, եւ ատոր համար ալ ան ըսաւ, թէ գոհ է, որ համալսարանի մը երդիքին տակ կը խօսուի այս նիւթին մասին։ Չեթին փափաք յայտնեց, որ շարունակուի այս գործընթացը։ Ան մասնաւորաբար դիտել տուաւ, որ այսպիսի համագումարներ պէտք է կազմակերպուին մանաւանդ Անատոլուի մէջ։ «Թէ՛ խօսեցանք, թէ՛ լացինք», ըսաւ Չեթին՝ համառօտելով այս երեք օրերու իր տպաւորութիւնները։
Զեկուցողներէն մէկը բացատրութիւններ տուաւ իսլամացած հայերու հետ կատարուած հարցազրոյցներուն մասին։ Ան եւ ընկերները 200 հարցազրոյցներ ըրած էին եւ տեսած, թէ մարդիկ այլեւս խօսելու ցանկութիւն ունին եւ կ՛ուզեն, որ իրենց խօսքերը արձանագրուին՝ արխիւներու համար։ Իսլամացածներուն մէկ մասը այժմ կ՛ուզէ վերադառնալ քրիստոնէութեան։

Շատ ուժեղ ու պոռթկացող ելոյթ մը ունեցաւ Տերսիմցի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին, որ խօսեցաւ Տերսիմի մէջ հայ ըլլալու մասին եւ ըսաւ, թէ ինք ոչ մէկ բանէ կը վախնայ ու ճշմարտութիւնները կ՛աղաղակէ, նոյնիսկ եթէ այս ճամբան կրնայ մարդը մինչեւ մահ տանիլ։ Ան բաւական խիստ ոճով խօսեցաւ տերսիմցի հայերու խնդիրներուն մասին։
Ամէնէն հետաքրքրականը թերեւս համշէնցի երգիչ ու արուեստագէտ Հիքմեթ Աքչիչեքի ելոյթն էր, որ խօսիլ սկսելէ առաջ՝ Համշէնի բարբառով ու յայտնապէս հայերէն բառերով յուզիչ երգ մը երգեց։ Ան ըսաւ, որ գիտէ, թէ համշէնցիներուն արմատը հայկական է, սակայն ասիկա ըսելն իսկ մարդուս գլուխը փորձանքի կրնայ մատնել այս երկիրին մէջ։
Ապա հանդիսավարը արտօնեց, որ ներկաները կարծիքներ յայտնեն:
Ասիկա վերջն էր այն եռօրեայ համագումարին, որ կարեւոր հարց մը օրակարգի բերած էր՝ առաջին անգամ ըլլալով այսքա՛ն հրապարակաւ ու այսքա՛ն բարձրաձայն։ Համագումարին ընթացքին զանազան զեկուցողներ յայտնած էին, որ իսլամացած հայերու շրջանակները կը պաշտպանեն իրենց աշխարհը, միայն իրենց միջեւ աղջիկ կու տան-կ՛առնեն ու միայն իրենց շրջանակին մէջ կը խօսին իրենց խառն պատկանելիութեանց ու անցեալին մասին։
Այս համագումարը բացառիկ հետաքրքրութիւն ստեղծեց մանաւանդ այն շրջանակներէն ներս, որոնք ընտանեկան անցեալին բերումնով՝ կապ մը ունին գլխաւոր թեմային հետ, կամ որոնք այսօր կը մնան հայախօս հայերէ հեռու շրջանակներու մէջ։ Համալսարանի ընդարձակ սրահը ծայրէ ի ծայր լեցնող ունկնդիրներու բազմութիւնը բոլորովին նոր տեսակի բազմութիւն մըն էր։ Նաեւ, համագումարը շատ լաւ կերպով կազմակերպուած էր, իսկ թարգմանութիւնները վայրկեանական կը կատարուէին։
Անկասկած նիւթական ծանր ծախսերով իրագործուած այս համագումարը եկաւ մարդոց յիշեցնելու, թէ 1915ին հայ ժողովուրդը միայն մէկուկէս միլիոն մարդ չէ, որ կորսնցուց մահուան ճամբաներուն վրայ, այլ կորսնցուց նաեւ շատ մեծ թիւով զաւակներ, որոնք կ՛ապրէին, բայց հայ չէին այլեւս։ Հիմա, ամէն թուրք, որ արեւելեան նահանգներէ կու գար, կրնար ինքն իրեն հարց տալ, թէ արդեօք իր ընտանիքի անցեալին մէջ ալ հայկական արիւն կա՞յ։
Հետաքրքրական էր, որ զեկուցողներէն մէկը կը պատմէր, թէ իր ամուսինը օր մը կատակելով իրեն ըսած է, թէ ստուգած է, որ իր ընտանիքին մէջ ալ հայ մեծ մայր մը կար. այդ ժամանակ, ինք անորոշ զգացումներու տագնապ մը ապրած է 15 օր, մինչեւ որ ամուսինը ըսած է, թէ կատակած էր։ Ինք այդ 15 օրերուն ընթացքին հասկցած է, թէ այս երկիրին մէջ ի՛նչ կը նշանակէ հայկական արմատ ունենալ ու ապրիլ իսլամ թուրքի կեանք:
Եթէ այսպիսի երկարաշունչ համագումար մը կրցաւ երեք օրուան ընթացքին այսքա՛ն մեծ թիւով ունկնդիր հաւաքել այդ հեռաւոր թաղին մէջ, ապա այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն մեծ թիւ կը կազմէին այն քաղաքացիները, որոնք այս նիւթին ծանօթանալու կարիքը կը զգան կամ ըսելիք բան ունին այդ մասին։
Վերջապէս, կարելի է կրկնել փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի այն իմաստուն յանձնարարութիւնը, թէ այսպիսի համագումարներ պէտք է կազմակերպուին Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ, որովհետեւ անոնք բոլորովին տարբեր իմաստ պիտի ունենան հոն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.