Համագործակցութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրուի Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանին միջեւ


 

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Հայաստանի պետական ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ Նոյեմբեր 7-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դէմոյեան, Գանատայի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ըստ համաձայնագրին, երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագրեր ու արխիւային փաստագրրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու։ Համաձայնագրի ստորագրութեան ներկայ պիտի ըլլայ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան։ 

Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ:

Թանգարանը նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու ընթացին մէջ, որուն նպատակն է Գանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:

Յիշեցնենք, որ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012-ին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժելա Քասի եւ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր գանատահայութեան հասարակական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին առաքելութիւնը:

Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան: անատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայիս աշխատանք կը տանի նահանգային կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցումը ներառելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կը ծրագրէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրները՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Գանատայի միացեալ մարմնի համագործակցութեամբ:

Նշենք, որ Գանատայի խորհրդարանը 2004-ին ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ ներկայ վարչապետ Սթիվըն Հարփըր 2006-ի Ապրիլ 19-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը հաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.