ԹՈՒՐՔ-ՔԱՆԱՏԱԿԱՆ ԱԶԱՏ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԹԱՑՔ ՊԻՏԻ ԱՌՆԵՆ


 

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Քանատան 18 հոկտեմբերին իրենց միջեւ գոյացած բազմամիլիառ տոլարի արժողութեամբ Համապարփակ տնտեսական եւ առեւտրական համաձայնագիրի կնքումը յայտարարած են։ Թուրքիա, որ 1996-էն ի վեր Եւրոպական Միութեան հետ մաքսային միութեան մաս կը կազմէ, կը նախատեսէ Քանատայի հետ ազատ առեւտուրի համաձայնութեան մը շուրջ բանակցութեան սկսիլ։

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան Եւրոպական Միութեան հարցերու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Վէյսել Փարլաք «Սանտէյ Զաման»-ի յայտնած է, որ Թուրքիա պաշտօնական բանակցութեանց սկսելու համար Քանատայէն կանաչ լոյսին կը սպասէ, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան հետ Քանատայի գոյացուցած առեւտրական նկատառելի համաձայնութենէն ետք։

Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ Պրիւքսելի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին Համապարփակ տնտեսական եւ առեւտուրի համաձայնագիրը, որ «Ութերու» խմբակի անդամի մը հետ Եւրոպական Միութեան գոյացուցած առաջին համաձայնութիւնն է եւ որուն նպատակը տուրքերը ջնջել, արտաքին ներդրումը քաջալերել եւ աշխտաւորներու շարժումը քաջալերելն է։ Ըստ Եւրոպական Միութեան վերջին նախատեսութեանց, կը սպասուի, որ համաձայնութիւնը երկկողմանի ապրանքներու եւ ծառայութեանց շրջանառութիւնը մէկ տարուան մէջ մէկ հինգերորդով աճեցնելով հասցնէ 25.7 միլիառ եւրոյի (35 միլիառ ամերիկեան տոլար)։

Շեշտելէ ետք, թէ Թուրքիա Ազատ առեւտուրի համաձայնութեան նախապատրաստական բանակցութիւնները ամբողջացուցած է, Փարլաք յայտնեց, որ գնդակը այժմ Քանատայի դաշտին մէջ է եւ Եւրոպական Միութեան հետ իր կնքած համաձայնութենէն ետք, Քանատան Թուրքիոյ հետ Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կնքումը աւելի դրական կերպով պիտի ընկալէ։ Փարլաք նշեց, որ իրենք յառաջիկայ հանգրուանին քանատացի պաշտօնատարներու կողմէ այս հարցով պաշտօնական յայտարարութիւն մը կը սպասեն։

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիայէն եւ Քանատայէն յանձնախումբեր առաջին անգամ Փետրուար 2010-ին Օթաուայի մէջ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած են։ Անոր յաջորդած է նոյն տարուան Հոկտեմբերին Անգարայի մէջ պաշտօնական նախապատրաստական հանդիպում մը, որուն նպատակը երկու կողմերուն համաձայնութեան մը կարելիութեան շուրջ մօտեցումները աւելի լաւ հասկնալն էր։ Այդ ջանքերուն հիմամբ երկակի տուրքերէ ազատման համաձայնութիւն մը ստորագրուած է եւ ուժի մէջ մտած Մայիս 2011-ին։

Այս տարի Քանատայի Ծերակոյտի 12 անդամներէ բաղկացած յանձնաժողով մը Թուրքիոյ շուրջ տնտեսական եւ քաղաքական ուսումնասիրութիւն մը կատարեց եւ քանատական խորհրդարանին ներկայացուցի վերջնական զեկոյց մը, ըստ որու, յանձնախումբը Քանատայի կառավարութեան կը յանձնարարէ Թուրքիան նշել իբրեւ առեւտրական ռազմավարական առաջնահերթութիւն մը եւ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ ազատ առեւտուր համաձայնութեան մը համար բանակցութիւնները արագացնել։

Թէեւ Քանատա-Եւրոպական Միութիւնը տակաւին Եւրոպական Միութեան 28 անդամներուն եւ Քանատայի նահանգներուն կողմէ չէ վաւերացուած, սակայն կը թուի մեծապէս մտահոգել թուրք գործարարները։ 

Արտաքին տնտեսական յարաբերութեանց վարչութեան մէջ Թուրք-քանատական առեւտրական խորհուրդի ատենապետ Եըլմազ Արկիւտեն «Թուտէյզ Զաման»-ի յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութեան հետ Քանատայի կնքած համաձայնութեան վաւերացումէն ետք, Թուրքիա տկար դիրքի վրայ պիտի յայտնուի՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա եւ Քանատա առեւտրական ծաւալը աճեցնելու մեծ կարելիութիւն ունին, իսկ Արտաքին տնտեսական յարաբերութեանց վարչութիւնը Թուրքիոյ եւ Քանատայի միջեւ Ազատ առեւտուրի համաձայնագրի բանակցութիւններուն ուժեղ կերպով կը զօրակցի։

«Թուտէյզ Զաման» կը նշէ, որ Եւրոպական Միութեան եւ երրորդ երկրի մը միջեւ Ազատ առեւտուրի համաձայնութեան պարագային Թուրքիա միջազգային շուկային մէջ վատ դիրքի վրայ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ երրորդ երկիրը պիտի կարողանայ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ ունեցած մաքսային միութեան ճամբով մուտք գործել թրքական շուկայ, սակայն Թուրքիա այդ երկրին շուկան մուտք գործելու նոյն առաւելութիւնը պիտի չունենայ, ուստի Թուրքիա անջատ Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրներ կը կնքէ այն երկիրներուն հետ, որոնց հետ Եւրոպական Միութիւնը Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի ստորագրման շուրջ բանակցութեանց սկսած է։

Արկիւտեն նաեւ հաստատած է, որ մթնոլորտը շատ դրական է եւ կը սպասուի, որ Թուրքիա եւ Քանատա շուտով պաշտօնական բանակցութիւններու սկսին։

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ թուրք-քանատական երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 2012-ին 2 միլիառ տոլարէն քիչ մը աւելի էր։ Ըստ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութենէն պաշտօնական տուեալներու, դէպի Քանատա թրքական արտածումներու ընդհանուր գումարը 1.1 միլիառ ամերիկեան տոլար էր, իսկ Քանատայէն ներածումները՝ 954 միլիոն ամերիկեան տոլար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.