ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱՐԱԲԻՈՅ ԼՈՐԸՆՍԻ ՀԵՏ – «ՀԱՅԵՐԸ ԱՆՈՒՂՂԵԼԻ ԵՆ» – Բ. մաս
Ամերիկացի լրագրող Լինքըն Սթեֆընզ Արաբիոյ Լորընսի հետ իր հարցազրոյցը կը նկատէ իր կեանքին ընթացքին կատարած հարցազրոյցներուն ամէնէն տարօրինակը։ Սթեֆընզ կը նշէ, որ նշեալ հարցազրոյցը կատարած է 1919-ին, Փարիզի մէջ Խաղաղութեան խորհրդաժողովին ընթացքին։
Լորընս Սթեֆընզի յայտնած է, որ եթէ հայերուն աշխարհի վրայ արդար առիթ մը տրուի եւ Երկրի մէկ անկիւնին վրայ անոնց ազատութիւն տրուի, ապա ամբողջ երկրագունդը իրենց սեփականութեան կը վերածեն եւ մնացեալ մարդկութիւնը իրենց հաշւոյն կ՚աշխատցնեն։ Եւ թուրքերը, ինչպէս նաեւ յոյները եւ «բոլորս որ զիրենք կը ճանչնանք», այդ մէկը լաւ գիտեն եւ ատկէ կը վախնան, ուստի զանոնք պէտք է մասնատել. Հայաստանը մէկ գաղութատիրական հոգատարութեան տակ դնել, իսկ հայերը՝ մէկ այլ հոգատարութեան։
Սթեֆընզ հարց տուած է, որ եթէ ամերիկացիները հայերու հոգատարութիւնը ստանձնեն բրիտանական դրամատիրութեան այն գործընկերը, որ Հայաստանը պիտի ստանձնէ առանց աշխատաւորական ուժի Հայաստանի մը մէջ ինչ պիտի ընէ։ Լորընս պատասխանած է, որ Պալքաններու, Փոքր Ասիոյ, Հնդկաստանի եւ Ափրիկէի մէջ յետամնաց ազգեր կան, որոնք Հայաստան կարելի է բերել եւ աշխատանքի լծել։
Ամերիկացի լրագրողը նշած է, որ եթէ այդպիսով բրիտանական գործնական խնդիրը կը լուծուի, ապա իտէալապաշտ ամերիկացիներու խնդիրը ինչպէ՞ս պէտք է լուծուի. բրիտանացին պատասխանած է, որ հայերուն նկատմամբ պէտք է կիրարկել Ամերիկայի բնիկ հնդիկներուն նկատմամբ կիրարկուած քաղաքականութիւնը, եւ Սթեֆընզի այն հարցումին, թէ ի՞նչ է այդ քաղաքականութիւնը Լորընս ըսած է, թէ կ՚ակնարկէ անոնց բնաջնջումին, ապա ամերիկացիին ընդվզումին ի տես աւելցուցած, որ այդպիսի բան ըսել չէ ուզած, սակայն երբ լրագրողը հարցուցած է, թէ ճիշդ ի՞նչ կ՚ուզէր ըսել չէ պատասխանած։
Սթեֆընզ Լորընսը փորձելու համար հարցուցած է, որ ամերիկացիները հայերուն եւ մնացեալ բոլոր հին ժողովուրդներուն, որոնք պէտք է բնաջնջուին, նման առեւտրական մշակոյթի տէ՞ր են։ Լորընս գլխու նշանով դրական պատասխան տուած է, ապա նշած, որ այդ նմանութեան իբրեւ արդիւնք «ներկայի» ամերիկացիները հայերուն մէջ կրնան տեսնել ոչ թէ ապագայի, այլ՝ «վաղուան ամերիկացին»։
Հարցազրոյցի աւարտին Արաբիոյ Լորընսը Սթեֆընզի յայտնած է, որ «քու տեսութիւնդ կը հաւնիմ», սակայն գործնական գետնի վրայ պիտի չյաջողի. այդ տեսութիւնը թելադրիչ է, ուստի ուշադիր գրէ, ոչ շատ յստակ։ «Ի միջի այլոց, զիս մի մէջբերեր։ Ես ոչինչ ըսի, ոչինչ», ընդգծած է Լորընս։
Այս յօդուածին առաջին բաժինը կարդալ հոս՝
http://www.horizonweekly.ca/news/details/22179