Ատրպէյճան Կը Սպառնայ Գրաւել Հայաստանի Տարածքը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին, Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով, Զանգելան շրջանի կորուստի 20ամեակին առիթով ըսած է. «Այսօր Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ Զանգելան շրջանին մէջ հայեր վերաբնակեցուած են: Այդ հայերը երկրորդ անգամ պիտի վերապրին փախստականի ճակատագիրը»:
Հասանով աւելցուցած է, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երդմնակալութեան ընթացքին յայտարարած է, որ «պիտի ազատագրուին ոչ միայն Ղարաբաղն ու մնացած գրաւեալ տարածքները, այլեւ՝ Գէյչեն ու Զանգեզուրը: Ատրպէյճանցիներուն պիտի վերադառնան իրենց պատմական տարածքները: Պատմական արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ: Զանգեզուրի շրջանը ստեղծուած է 1930ին, սակայն 1940-1950ին, շրջանի հողերուն մեծ մասը փոխանցուած է Հայաստանին: Ատրպէյճանցիներուն պիտի վերադարձուին նաեւ այդ հողերը: Ես կը նախազգուշացնեմ հայերը, որոնք վերաբնակած են Զանգելանի մէջ: Անոնք միշտ չէ, որ պիտի ապրին այդ հողերուն վրայ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.