«Հորիզոն»ի կազմակերպած Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-հայրենասիրական երգերու երեկոն Triktrak.ca-ի ուղիղ եթերով սփռուեցաւ
Հոկտեմբեր 26-ին, Միացեալ Նահանգներու Պըրլինկթըն քաղաքի Շէրաթոն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կազմակեպած ազգային-հայրենասիրական երգերու երեկոն, որու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան։
Երեկոն ուղիղ եթերով ձայնասփռուեցաւ Trik Trak համացանցային ռատիոկայանին կողմէ, http://triktrak.ca/ հասցէով։
Համերգային երեկոյթին բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Հորիզոն»ի» վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ յայտնեց, թէ երեկոն նուիրուած է հայ ֆետայիին, արդարամարտիկին եւ ազատամարտիկին։ Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիգրան Սասունեան։
Գառնիկ Սարգիսեան եւ իր նուագախումբը 4 ժամ խանդավառեցին ներկաները։ Այս առիթով եղան նուիրատուութիւններ «Հորիզոն»ին։
Երեկոյթին ներկայ 400 հայորդիներու կողքին, Գառնիկի երգերը ըմբոշխնեցին Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Ամերիկեան ցամաքամասէն Triktrak.ca-ի 2000 եթերային ունեկնդիրներ։