Թել Ապիատի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ Եկեղեցին` Հրկիզուած
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցան տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատեն, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (Տաէշ) խմբաւորումի զինեալներ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ռաքքա նահանգին պատկանող Թել Ապիատ գիւղաքաղաքին մէջ հրկիզած են հայ առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր ապաստան գտած էին շրջանին մէջ բնակող արաբ ընտանիքներ: խմբաւորումի անդամները կիրակի ուշ երեկոյեան եկեղեցւոյ խաչը վար առած են եւ հրկիզած ներքին բաժինը` պատերուն վրայ «Լիուա Համզէ» կոչուած ջոկատի ստորագրութիւնը ձգելով: Պէտք է ըսել, որ ներկայ պայմաններուն տակ Ռաքքա նահանգի եւ նշեալ քաղաքին մէջ մօտ տասնեակ մը հայ ընտանիքներ կ՛ապրին:
Թել Ապիատը կը գտնուի Ռաքքա քաղաքէն դէպի հիւսիս 100 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ Թուրքիոյ հետ սահմանակից կարեւոր անցումային կէտ կը նկատուի` նկատի առնելով, որ նահանգին մէջ ծանր մարտեր կը մղուին սուրիական բանակի եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ:
Թել Ապիատի մէջ հայերը ապրած են 1915 թուականի գաղթի օրերէն: Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 1932 թուականին, ապա վերանորոգուած է 1996 թուականին: Եկեղեցւոյ կողքին, մինչեւ սուրիական հակամարտութիւնը, գործած է նաեւ Սուրբ Խաչ կիրակնօրեայ դպոցը: