Արցախի մէջ լուրջ ջանքեր կը գործադրուին աշխատեղեր ստեղծելու կապակցութեամբ
Արցախի մէջ ամէնէն մեծ եւ բազմանդամ աշխատաւորներ պահող գործատունը՝ հանքարդիւնաբերական գործարանն է: «Բէյզ Մեթըլս» Փակ Բաժնետիրական Ընկերութեան մօտ արձանագրուած են 1394 աշխատաւորներ, որ բաւական մեծ ցուցանիշ կը կազմէ այլ ձեռնարկութիւններու մօտ աշխատողներու թիւին համեմատ:
Աշխատաւորներու մեծ թիւ զբաղեցնող երկրորդ ընկերութիւնը «Արցախեներգօ»ն է, ուր կ’աշխատի 944 հոգի: Տուեալ ընկերութիւնը ԼՂՀ մէջ ամէնախոշոր հարկատուն է:
Բազմամարդ ընկերութիւններու ցանկին երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի «Ղարաբաղ թելեքոմ»ը, ուր կ’աշխատի 677 հոգի: Կը յաջորդեն «Արցախբանկ» դրամատունը՝ 486 աշխատաւորներով եւ «Արցախգազ»ը՝ 426ով:
Խոշոր գործատուներու տասնեակին մէջ են նաեւ ԼՂՀ «Հանրապետական բժշկական կեդրոնը»՝ 409 աշխատաւորներով եւ կը յաջորդեն «Արցախփոստ»ը, «Արցախ կարի-կօշիկի արտադրական միաւորումը», «Արցախի գործագործական գործարանը» 200-280 աշխատաւորներով:
«Բէյզ Մեթըլս» Փակ Բաժնետիրական Հանքարդիւնաբերական Ընկե- րութիւնը հիմնադրուած է 2002 թուականին ԼՂՀ Մարտակերի շրջանի Դրմբոն գիւղի տարածքէն ներս: Գործունէութիւնը սկսած է նախապէս կատարուած Դրմբոնի պղինձ-ոսկիի հանքավայրի վերագնահատողական ուսումնասիրութեամբ, ապա հանքավայրը նախապատրաստուած է արդիւնաբերական շահագործման: Մասնագէտներու ջանքերուն շնորհիւ, 13 ամսուայ ընթացքին յաջողուեցած է սկսիլ պղինձ-ոսկիի ապրանքային խտանիւթի արտադրութեան: Եւ այսօր, ձեռնարկութեան տնօրէնութիւնը կը խօսի 10ամեայ յաջողութիւններու մասին, որոնց ընթացքին գործեց եւ զարգացաւ լեռնահարստացուցիչ համալիրը, որը յագեցած է արտադրութեան համար անհրաժեշտ բոլոր ենթակառուցուածքներով եւ օժանդակ ստորաբաժանումներով:
Անցեալ տարի շահագործման յանձնուեցաւ արտադրական գործարան մը եւս, որը եզակի է տարածաշրջանէն ներս, զարգացած ժամանակակից արհեստագիտութեամբ:
Գործարանը կը հանդիսանայ Արցախի տնտեսութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը, որ մեծապէս կը նպաստէ հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման գործին:
Նշենք, որ նոր արտադրամասը հին գործող գործարանի 1 թոն զանգուածէն կը ստանայ 1 կրամ ոսկի խտանիւթ: