Գիտական Նստաշրջան՝ Նուիրուած ՀՅԴ Հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանին
ԵՐԵՒԱՆ.– 23 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամ, «Դաշնակցութեան խիղճն ու սիրտը» նկատուող Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100րդ տարելիցին նուիրուած գիտական նստաշրջանը:
Գիտաժողովին ներկայ էին ակադեմական, գիտակրթական-մտաւորական, կուսակցական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ հասարակութենէն ներկայացուցիչներ: Գիտական նստաշրջանի բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեանը, ԳԱԱի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ԳԱԱի թղթակից անդամ Աշոտ Մելքոնեանը, ԳԱԱի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Աւիկ Իսահակեանը, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էդիկ Մինասեանը:
Զեկոյցներով հանդէս եկան «Վէմ» հանդէսի խմբագիր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուդինեանը եւ Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն, տնտեսական գիտութիւններու դոկտոր Սամուէլ Աւետիսեանը:
Ելոյթ ունեցողները շեշտեցին, որ Սիմոն Զաւարեանը եղած է իր ժամանակի բարձրարժէք մտաւորականներէն ու ազգային գործիչներէն մէկը: Նշուեցաւ, որ ան կրնար նուիրուիլ գիտական ու մանկավարժական գործունէութեան, կրնար մեծ յաջողութիւններու հասնել երկրագործական զարգացման ոլորտին մէջ, եթէ՝ հայրենիքի փրկութեան գաղափարներով տոգորուած, ի վերջոյ, կեանքը անմնացորդ չնուիրէր յեղափոխական գործին: Զաւարեան ճանչցուած եւ բարձր գնահատանքի արժանացած է իր ժամանակի ամէնէն երեւելի դէմքերուն կողմէ, որոնց կարգին կարելի է նշել Յովհաննէս Թումանեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Աւետիս Ահարոնեանը, Դանիէլ Վարուժանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Բացման խօսքին մէջ Եուրի Սուվարեանը նշեց, որ Սիմոն Զաւարեանը ո՛չ միայն յայտնի քաղաքական գործիչ էր, այլ նաեւ մեծ տնտեսագէտ: Ան անդրադարձաւ Զաւարեանի ձգած աշխատութիւններուն եւ մասնագիտական գործունէութեան առումով ունեցած մեծ աւանդին: «Սիմոն Զաւարեանի թողած ժառանգութիւնը բաւականին հարուստ ու բաւականին արդիական է նաեւ այսօր, եւ այս իմաստով այս գիտաժողովը շատ կարեւոր է՝ այս գործչի գործն ու կենսագրութիւնը ներկայացնելու առումով: Մենք պէտք է դասեր քաղենք այդ խոշոր գործչի թողած ժառանգութիւնից», հաստատեց ակադեմիկոսը:
Իր խօսքին մէջ Աւիկ Իսահակեան ընթերցեց ներկաներուն համար անծանօթ բանաստեղծութիւն մը, որ Աւետիք Իսահակեանի մեծարանքի ձօնն էր մեծ հայորդիին հասցէին:
«Դաշնակցութեան ապակենտրոնացման գաղափարը հէնց Սիմոն Զավարեանը դրեց, ինչն էլ հետագայում դժուարին պահերին հիմք ստեղծեց աշխատելու համար», հաստատեց Էդիկ Մինասեան:
Սիմոն Զաւարեանին՝ որպէս հասարակական-քաղաքական գործիչի կերպարին, անդրադարձաւ Լեւոն Մկրտչեան, որ դիտել տուաւ, թէ խօսքը մեր նոր շրջանի պատմութեան այնպիսի սերունդի մասին է, որ կրցաւ հանճարեղ կերպով իրար միացնել գրիչը, զէնքը եւ աշխատանքը:
«Երբ մենք խօսում ենք Սիմոն Զաւարեանի մասին, այս կերպարի մէջ շատ համերաշխ ու համաչափ ձեւով համադրուած են երեք սկզբունք, որոնք, ի վերջոյ, մեր ժողովրդի ապագան ու յարատեւութեան գաղտնիքն են: Այս գիտաժողովի ժամանակ կը բարձրաձայնուի Սիմոն Զաւարեանի գիտական, հասարակական, քաղաքական ժառանգութեան մասին, կը բացուի նրա կերպարը եւ գործունէութեան տարբեր էջերը: Ցաւօք սրտի, մեր հասարակական-քաղաքական լայն շերտի այս սերնդի գործունէութիւնը միակողմանի է ներկայացւում: Այս սերունդը իրականացրեց պատմական մեծ առաքելութիւն, կարողացաւ շուրջ 20 տարիների ընթացքում մահուան դատապարտուած ու մահուան ճանապարհով գնացող ժողովրդին դուրս բերել կեանքի ու շարունակականութեան ճանապարհ:
«Հայկական լինելիութեան գաղտնիքն, ի վերջոյ, ձեւաւորուեց նաեւ եւ հիմնականում այս սերնդի ջանքերով: Իսկ Զաւարեանի սերնդին ու սերնդակիցների գործունէութիւնը, անյոյս ու ընկճուած ժողովրդին հանեց ազգային-ազատագրական պայքարի ու յոյս ներշնչեց, որ իր սեփական ուժերով պէտք է ազատագրուի», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմաբան Լեւոն Մկրտչեանը:
Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ, որ՝ ըլլալով հարազատ կուսակցութեան ամէնէն հեղինակաւոր ու սիրուած դէմքերէն մէկը, Զաւարեան միաժամանակ համահայկական ընդգրկում ունէր եւ կը պատկանի ողջ հայ ժողովուրդին: Անոր բարոյական անբիծ նկարագիրի համար ժամանակակիցները Սիմոն Զաւարեանը անուանած են «Աշխարհիկ սուրբ»:
Սամուէլ Աւետիսեան՝ զեկուցելով Հայ երկրագործական տնտեսագիտական մտքի ձեւաւորման իմաստով Սիմոն Զաւարեանի ունեցած դերակատարութեան մասին, ափսոսանք յայտնեց, որ այսօրուան հայկական տնտեսագիտական դասագիրքերուն մէջ կը բացակայի Զաւարեանի անունը: Մանաւանդ որ անոր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները եւ զարգացուցած գաղափարները այսօր եւս արդիական են Հայաստանի տնտեսական զարգացման առումով: Ան աւելցուց, որ Զաւարեանի մեծաթիւ նախանշումներ հետագային կեանքի պիտի կոչուին՝ աւելցնելով, որ այդ ուղղութիւնները կը գտնուին Հայաստանի տնտեսական զարգացման ռազմավարութեան կորիզին մէջ: Աւետիսեանի համաձայն, անոր գիտական աշխատութիւնները այսօր եւս արժանի են խորապէս ուսումնասիրուելու:
Ելոյթ ունեցողները նշեցին, որ երիտասարդ տարիքէն տարուելով ազգային-յեղափոխական գաղափարներով, Զաւարեան Դաշնակցութեան ճամբով կեանքը նուիրեց հայութեան ազատագրութեան դատին: Գործեց Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի մէջ, եղաւ յեղափոխական գործի ու գաղափարներու քարոզիչ ու տեսաբան: Զաւարեանը գլխաւոր տեսաբաններէն էր ապակեդրոնացեալ կառավարման սկզբունքին, որ հիմքն է Դաշնակցութեան կառոյցի, եւ կը մարմնաւորէ այն, թէ ինչպիսի վարչաձեւ կը տեսնէ Զաւարեանը ապագայ Հայաստանի համար:
Վերոնշեալ ելոյթներով աւարտեցաւ նստաշրջանի առաջին մասը, իսկ ընդմիջումէն ետք գիտաժողովը շարունակուեցաւ ԳԱԱի պատմութեան հիմնարկին մէջ:
Նշենք, որ գիտական այս նստաշրջանով մեկնարկած յիշատակի ձեռնարկները պիտի շարունակուին մինչեւ 25 Հոկտեմբեր՝ ժամը 10:00, Հայաստանի ազգային արխիւի կեդրոնին մէջ կազմակերպուող փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ցուցահանդէսով, իսկ 26 Հոկտեմբերին Լոռիի մարզի Այգեհատ գիւղին մէջ Զաւարեանի շիրիմին մօտ պիտի կայանայ յիշատակի ձեռնարկ։