Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի ամենէն երիտասարդ նախագահ Յարութիւն Շիթիլեան՝ վերստին թեկնածու է
Վերջին չորս տարիները նշանակալից եղան Bordeaux-Cartierville շրջանի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Յարութ Շիթիլեանին համար։ 2009-ին, 29 տարեկան մոնթրէալահայ երիտասարդը մտաւ քաղաքական ասպարէզ։ Երկու տարի վերջ, ան նշանակուեցաւ քաղաքապետարանի խորհուրդի ամենէն երիտասարդ նախագահը, իսկ քանի մը ամիսներ առաջ, երկու քուէի տարբերութեամբ, ան կորսնցուց Մոնթրէալի ամենէն երիտասարդ քաղաքապետը դառնալու առիթը։
Հոկտեմբեր 16-ին, «Հորիզոն»ի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պրն. Շիթիլեանը, անդրադառնալով քաղաքական ասպարէզէն ներս իր ունեցած փորձառութեան, ըսած է. «Մեծ պատիւ էր ինծի համար ընտրուիլ քաղաքապետարանի խորհուրդի նախագահ եւ ծանօթանալ քաղաքական աշխատանքին։ Ուսումը չէր կրնար պատրաստել զիս այս տեսակ աշխատանքի։ Աշխատանքային առաջին տարին եղաւ շատ դժուար, որովհետեւ պէտք էր մխրճուէի նոր մթնոլորտի մը մէջ. բայց կամաց-կամաց կեդրոնացայ ամենակարեւորին՝ ժողովուրդին հետ մնայուն կապ հաստատելուն վրայ, առանց խտրութեան կամ անհատներու միջնորդութեան։ Կրցայ նաեւ ծանօթանալ շրջանին կարիքներուն եւ սկսայ կատարելագործել իրագործումներ, ըլլայ Louisbourg պուրակի վերանորոգումը կամ տարեցներու համար յատուկ ինքնաշարժի սպասարկութեան ծրագիրը, «Navette Or» անունով։ Անշուշտ, շրջանը վերանորոգման կարիքը ունէր եւ ընդառաջելով ժողովուրդին պահանջներուն, վերանորոգուեցան Dudemaine, James-Morrice, Acadie եւ Laurentien թաղերը։ Կրցանք լուծել տեղական հարցեր, ինչպէս՝ Սրբ. Յակոբ վարժարանի խաչմերուկի լոյսերուն փոփոխութիւնը, որը կ՚անհանգստացնէր դպրոցի տնօրէնութիւնն ու շրջանի բնակիչները։
Կ՚ուզեմ նշել, որ մեծ պատիւ էր ինծի համար ամենէն երիտասարդ քաղաքապետարանի խորհուրդի նախագահի նշանակումս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի այցելութիւնս նախկին քաղաքապետ Gerald Tremblay-ի հետ»։
Հայաստան այցելութեան ընթացքին, պրն. Շիթիլեան եւ իր ընտրական խումբը յաջողեցան Հայաստանի եւ մանաւանդ Երեւանի հետ նախատեսուած բոլոր խոստումները իրագործել, ինչպէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան քսաներորդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, քոյր քաղաքներու փոխյարաբերութեան մշակումը եւ 2011-ին ամենամեծ ֆրանսախօս քաղաքներու քաղաքապետներու ժողովի կայացումը Երեւանի մէջ։
Ընտրութիւններուն իր թեկնածութեան վերաներկայացման որոշումին առնչութեամբ, ան յայտնեց թէ երկու կարեւոր պատճառներ կը դժուարացնէին որպէսզի ինք առաջադրման որոշում կայացնէ։ Առաջինը՝ քաղաքական պաշտօնը մեծ ճնշում էր պրն. Շիթիլեանի անձնական կեանքին վրայ եւ երկրորդը՝ ներկայ ժամանակներուն քաղաքական անձնաւորութիւններուն հանդէպ ժողովուրդին կասկածը։ Այս բոլորը նկատի ունենալով, ան կը հաստատէ. «Կը խորհիմ, որպէս քաղաքական գործիչ պատասխանատուութիւնս է շարունակել քաղաքական ասպարէզս եւ յոյսով եմ որ ժողովուրդը պիտի երկրորդէ թեկնածութիւնս, փոխանցելով իր վստահութիւնը ինծի»։
Այս շրջանին ան թեկնածու է Denis Coderre-ի խումբէն. «Քաղաքապետի թեկնածուն ունի երկու իւրայատկութիւններ. մէկը՝ փորձառութիւնն է, իսկ միւսը՝ Coderre-ի պատրաստակամութիւնը իր խմբակիցներուն նկատմամբ մեծ վստահութիւն ցուցաբերելու»։ Այս ընտրութիւններուն Smart city անունով ծրագիրն ու անոր ներկայացումը լիովին յանձնուած է պրն. Շիթիլեանին։
Բաղդատելով անցեալ ընտրութիններուն հետ եւ անդրադառնալով այս ընտրարշաւին, պրն. Շիթիլեան կը հաստատէ թէ այս անգամ ընտրական մթնոլորտը տարբեր է. այսինքն՝ եթէ նախկին ընտրութիւններուն բուռն պայքար կար երեք գլխաւոր թեկնածուներու միջեւ, ներկայիս պայքարը չորս խումբերու միջեւ է։ Անդրադառնալով իր թեկնածութեան, ան յայտնեց, թէ այս շրջանի ան իբր թեկնածու աւելի հասուն եւ տեղեակ է քաղաքի հարցերէն, իր խումբը շատ աւելի կազմակերպուած է, իսկ կամաւորներու քանակը շատ աւելի մեծ է։
Վերջապէս, եթէ պրն. Շիթիլեանն ու իր ցանկակիցները վերընտրուին, Մոնթրէալի քաղաքացիները կրնան ակնկալել երկու կարեւոր կէտեր յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին.- առաջին՝ թափանցիկ քաղաքապետական կառավարութիւն, ուր օրինակելի ընթացքով կը փոխանցուին որոշումները եւ եկրորդ՝ առաջնահերթական նորոգութիւններու ծրագիրներ։ Պրն. Շիթիլեան Մոնթրէալ քաղաքը կը նմանցնէ հինցած տան մը, որ լուրջ նորոգութեան աշխատանքի կը կարօտի։ Փակելով իր հարցազրոյցը, ան հաստատած է. «Նկատի ունենալով ներկայի քաղաքի, ինչպէս նաեւ երկրի տնտեսական իրավիճակը, կարելի չէ նոր եւ ծախսալից ծրագիրներու նետուիլ, նախքան ամբողջացնելը վերանորոգման գործընթացը։ Մոնթրէալ քաղաքը լաւ հիմերու վրայ հաստատուած է, ուստի մեր կարելին պէտք է ընենք որ ոտքի պահենք զայն»։
ՎԱՆԱ ՆԱԶԱՐԵԱՆ