Քեպէգի քաղաքապետական ընտրութիւններուն՝ 6 հայ թենածուներ


 

Չորս տարին անգամ մը կայացող Գանատայի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւններուն այս տարի կը մասնակցին 6 հայորդիներ: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 3-ին:

Կը ներկայացնենք թեկնածուները (վերեւի շարք, ձախէն աջ, ապա ներքեւի շարք): Նայիրի Խանճեան, Project Montreal-ի ցանկէն Սէն Լորանի Նորման Մքլարէն ընտրատարածքի թեկնածու: Մարի Տէրոս, Տէնի Գոտէրի խմբակցութենէն, Վիլերէյի Փարք Էքսթէնշըն ընտրատարածքի թեկնածու: Յասմիկ Պելէլի, Մելանի Ժոլիի խմբակցութենէն Ահունցիք Գարթիէվիլի քաղաքապետի թեկնածու: Անթուան Հանաշեան, Թերպոնի քաղաքապետի թեկնածու: Յարութ Շիթիլեան, Տէնի Գոտէրի խմբակցութենէն Պորտօ Գարթիէվիլ ընտրատարածքի թեկնածու: Սոնա Լախոյեան, Լաւալի Սէն Մարթէն ընտրատարածքի անկախ թեկնածու:

Ընտրութիւններուն նախօրեակին Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, կոչ ուղղելով Քեպէգի հայութեան մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ իրենց քուէները փոխանցելու հայ թեկնածուներուն: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.