ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՂ ՀԱՅԵՐՈՒ ԱՌՕՐԵԱՆ
Պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճը 24 ապրիլ 2011-ի նախօրեակին սպաննուած թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի պարագան աւելի լաւ հասկնալու համար «Թի24»-ի պլոկին մէջ անդրադարձած է թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող երկրի քաղաքացի հայերուն։
Բոլորը զինուորական ծառայութենէն յուշեր ունին։ Ոմանք կ՚ըսեն.«Այդտեղ զիս տղամարդ դարձուցին», ոմանք ալ ծառայել չեն ուզեր։
Նալճը կը գրէ, որ «այստեղ կ՚ըսեն.«Ամէն թուրք զինուոր կը ծնի», սակայն մեր հայկական ինքնութիւնը չի համապատասխաներ այդ կարգախօսին։ Թերեւս եթէ ծառայութեան ընթացքին հայերու ապրածը հասկնանք, աւելի լաւ պիտի հասկնանք Սեւակ Պալըքճի հետ տեղի ունեցածը»։
ՍԵՒԱՆ Ք.(19 յունուար 2007)ճաշասրահի մէջ ենք։ Հայաստանի սահմանին մօտ գտնուելու պատճառով ինքնութիւնս այստեղ յաճախ կը յիշեն։ Այդ օր ճաշասրահի պատկերասփիւռի կայանէն լսեցինք Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին։
Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոցը աւարտելով վերադառնալէ ետք կը մտածէի՝ այստեղ շատ բան փոխուած է։ Այդ օր աչքովս տեսայ, որ ոչինչ փոխուած է։ Ճաշասրահի մէջ Հրանդի սպանութիւնը ժպիտով լսող զինուորները քիչ կը մնար ուրախութենէն պարէին։ Ոմանք կը խօսէին։ Անոնց ամէն խօսքը տակաւին ականջս է։ Գիտեմ՝ դիտմամբ կ՚ընեն, որ լսեմ։ Ինքզինքս կը զսպեմ, կը կլլեմ։ Յաջորդ օր հրամանատարը կը կանչէ.«Տղա՛ս, տես, եթէ բան մը ըսեն, մօտս եկուր»։
ԳԵՒՈՐԳ Դ.
Ճաշասրահի մէջ եմ։ Ճաշասրահը ինծի վստահած են, հաշիւները ես կ՚ընեմ։ Կիպրոսի մէջ (Կիպրոսի թրքական հատուածի մէջ) եմ։ Վերադաս սպան ամէն օր ինծմէ հաշիւ կը պահանջէ։ Ամէն հաշիւ պահանջելու ատեն ալ թոսթ կ՚ուզէ։ Երբեմն կը վճարէ, իսկ շատ անգամ՝ ոչ։ Ամէն շաբաթ կու գայ հաշիւը ստուգելու եւ թոսթի գինը չվճառելուն պատճառով գումարը պակաս կ՚ըլլար։ «Ինչո՞ւ գումարը պակաս է», կը բարկանար։ Հայ ըլլալս անունէս յայտնի է, նոյնիսկ եթէ մականունս «եան» չունի։ Այդ թոսթի գումարի պատճառով ծնոտս կոտրեցին։ Քանի մը շաբաթ հիւանդանոց մնացի։ Ծնոտս կտրողն ալ հիւանդանոցին մէջ ինծի կ՚այցելէր։ «Դասդ առի՞ր», կը հարցնէ, որու կը պատասխանեմ.«Ո՛չ»։ Այս անգամ թեւս կը կտրէ։ Շաբաթ մը եւս հիւանդանոցին մէջ…։
ԼԵՒՈՆ Թ.
Ես վճարովի ծառայող էի։ Քանատայէն եկած էի։ Շարուած ենք, մեր անունները կը հարցնեն։ Վերադաս սպան ինծի «Լէոն» կ՚ըսէ, հետոյ կը հարցնէ «Լէոն, ասիկա ի՞նչ անուն է»։ «Հայ եմ» կը պատասխանեմ։ Միւսները խեթ-խեթ կը նային։ Ինչո՞ւ Հայաստանէն եկած եւ այստեղ կը ծառայէ։ Վերադաս սպան կը պատասխանէ.«Դուք ի՞նչ մարդ էք, ան Թուրքիոյ քաղաքացի է։ Դուք ձեր տան մէջ քրտերէն կը խօսիք, իսկ ան՝ թրքերէն։ Չէ՞ Լէոն», կ՚ըսէ ան, եւ ես չեմ կրնար կողմնորոշուիլ ինչ պատասխանել։ Ան զիս կը պաշտպանէ՞ր, թէ՞ կ՚ըսէր «քաղաքացի՛, թրքերէն խօսիր»։
ՀԱՅԿՕ ՊԱՂՏԱԹ
1996-1998-ին ծառայած եմ։ Պատերազմի ամէնէն տաք շրջանն էր։ 1996-ին Տերսիմի կիսազինուորական ոստիկանութեան վրայ յարձակում կատարուած էր։ Մեզ այդտեղ ուղարկեցին։ Դժուար ժամանակներ էին։ Անգամ մը ենթասպայ մը անունս հարցուց։ «Հայկօ, պատասխանեցի։ «Ինչո՞ւ Հայկօ», հարցուց, որուն իբրեւ պատասխան ըսի, որ հայ եմ։
Որոշ ժամանակ ետք հարցուց թլփատուա՞ծ եմ, թէ՞ ոչ, ըսաւ, որ չթլփատուած զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին թլփատելու ծառայութիւն գոյութիւն ունի։ Ըսի, որ պէտք չէ։ Ատկէ ետք շուրջ մէկուկէս շաբաթ զիս տարբեր ճամբաներով կը համոզէր թլփատուիլ, իսկ ետքը տեղեկացուց.«թլփատուելու անհրաժեշտութիւն չկայ»։
ԶԱՒԷՆ ՉԻՏԵՄՕՂԼՈՒ
Ծառայութեան մեկնելէ առաջ Պողազճի համալսարանին մէջ պարտաճանաչ ուսանող էի։ 1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք մինչեւ 1985 բազմաթիւ անգամ իբրեւ դասալիք կալանաւորուած եմ՝ հակառակ անոր, որ ուսանողական գրքոյկ ունէի։ Ամէնէն երկար կալանքը տեւած է 2 ամիս 10 օր։ Շուրջ երկու տարի տեւած ձերբակալութիւններու, հոգնածութեան, սովի, ծարաւի, անքնութեան հետեւանքով 72 քիլօ նիհարցայ՝ դառնալով 53 քիլօ։ Աւելի ուշ բուժուեցայ։ Ի վերջոյ, 1992-ին վճարովի ծառայութենէն օգտուելով 2 ամիս տեւած ծառայութիւնս կատարեցի։ Սակայն ինծի համար զինուորութեան արկածախնդրութիւնը կարծես 12 տարի տեւած ըլլար։