«Հորիզոն»ի կազմակերպած ազգային-հայրենասիրական երգերու Գառնիկ Սարգիսեանի երեկոն ուղիղ եթերով Triktrak.ca


 

Հոկտեմբեր 26-ին, Միացեալ Նահանգներու Պըրլինկթըն քաղաքի Շէրաթոն պանդոկին մէջ պիտի կայանայ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կազմակեպած ազգային-հայրենասիրական երգերու երեկոն, որու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ սիրուած երգիչ եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան։

Երեկոն ուղիղ եթերով պիտի ձայնասփռուի Trik Trak համացանցային ռատիոկայանին կողմէ, http://triktrak.ca/ հասցէով, Երեկոյեան ժամը 10-էն սկսեալ (Գանատայի Ատլանտեան ժամանակացոյցով)։

Այն հայրենակիցները, որոնք ի դիմաց նուիրատուութեան կը փափաքին Գառնիկ Սարգիսեանէն երգեր խնդրել, կրնան այդ օր կապուիլ Trik Trak-ի կայքէջին կամ Facebook-ի էջին, կամ կանխօրօք կրնան կապուիլ «Հորիզոն»ի գրասենեակ sylva@horizonweekly.ca հասցէին եւ կամ 514-332-3757 հեռաձայնի թիւին։        


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.