ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 6-12


ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 6-12

 

 

– Հոկտեմբեր 5-ին, Սեւան-Մարտունի ճամբուն վրայ ինքնաշարժի արկարծի իբրեւ հետեւանք մահացած է Հայաստանի զինեալ ուժերու հազարապետ Դաւիթ Կարապետեանը։ Դէպքը տեղի ունեցած է շաբաթ երեկոյեան։

– Հոկտեմբեր 7-ին սկսած է «Արձագանք-2013» ռազմավարական հրամանատարաշտապային մարզումները։ Եռօրեայ մարզումները իրականացուած են «Պետութեան բարձրագոյն պաշտօնատար անձերու աշխատանքը ռազմաքաղաքական որոշումներու կայացման ժամանակ» թեմայով։ Ռազմափորձի ընթացքին փորձարկուած է հոգեբանական յաղթահարման արգելագօտին, կրակային պատրաստութենէ անցած են Կառավարութեան անդամները։ Զինուորական ծառայութիւն կատարողները գործնական փուլին մէջ մարտական գործողութիւններ կատարած են։ 

– Հոկտեմբեր 10-ին, կառավարութեան հերթական նիստի ժամանակ քննարկուած է զինուորական ծառայութիւն կատարողներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներու կենսաթոշակի չափը աւելցնելու հարցը։ Կառավարութիւնը նպատակայարմար չէ համարած ներկայացուած օրէնքի նախագիծի որդեգրումը։ Գործադիր իշխանութիւնը դէմ արտայայտուած է Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու՝ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուցած «Զինուորական ծառայութիւն կատարողներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներու ընկերային ապահովութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու օրինագիծին։

– Հոկտեմբեր 9-ին, Կիրանց-Ոսկեպար շրջանցիկ ճամբուն վրայ արձանագրուած է միջադէպ մը, որու հետեւանքով վիրաւորուած են Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերու մէջ ծառայողներ։ «ՌազմինՖօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը նշած է, որ վիրաւորներուն թիւը 4 է. անոնց կեանքը չէ վտանգուած։

– Հոկտեմբեր 11-ին պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահապանութեան տեղամասին մէջ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է 1993-ի ծնունդ Ժաք Գեւորգի Գալստեանը։

«ՌազմինՖօ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.