Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը կը շարունակուի


Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը կը շարունակուի 

 

 

Նուրի Քինօ «Ուորլտ Ուոչ Մոնիթըր» կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ իր մէկ պաշտօնակիցը՝ Նիքոլա ալ-Ժալու Սուրիայէն Թուրքիա փախուստ տալէ ետք, իրեն գրած է նամակ մը՝ յայտնելով, որ Լաթաքիոյ մէջ գտնուող իր Քանսապպա գիւղին մէջ իսլամական ծայրայեղականները հաստատած են իսլամական դատարան մը, որ իրենց կրօնքին համաձայն վճիռներ կ’արձակէ։ Անոնք բոլորին ստիպած են իրենց իսլամական արմատական օրէնքները որդեգրելու։

Քինօ կը նշէ, որ այժմ այդ իսլամ լրագրողուհին կը սպասէ, որ մաքսանենգներ զինք Շուէտ տանին։ Վերջինս այդ նոյն օրը պատգամ մը յղած է Քինոյի՝ յայտնելով, որ սուրիական ընդդիմադիր մրցակից խմբաւորումներուն եւ Սուրիական ազատ բանակէն անջատուած 12 իսլամական խմբաւորումներուն միջեւ բախումները սաստկացած են, ինչ որ բոլոր ոչ իսլամները սարսափի մատնած է։

Քինօ կը գրէ, որ Ռաքքայի Թապքա գիւղաքաղաքին մէջ բնակող ասորիներուն գրեթէ բոլորը հեռացած է Սուրիայէն եւ ներկայիս Լիբանան կը բնակի։ Անոնցմէ ոմանք Գերմանիա հասած են։ Ուրիշներ աշխարհի տարածքին ցիրուցան եղած են՝ լքուելէ ետք մաքսանենգերու կողմէ, որոնք զիրենք Եւրոպա չեն հասցուցած։

Թապքայի մէջ կը մնան երեք ասորի ընտանիքներ։ Ըմբոստները անոնց յայտնած են, որ իրենց որեւէ վնաս պիտի չհասնի։ Անոնք երթալու տեղ չունին եւ հեռանալու կը վախնան, որովհետեւ ճամբաները շատ վտանգաւոր են։ Անոնք աղքատ են եւ կը փորձեն իրենց ունեցած քիչը պահպանել։

Ան կը պատմէ Թապքայի մէջ 26 -ամեայ ասորի երիտասարդի մը՝ Նինար Օտիշոյի սպանութեան մասին՝ յայտնելով, որ վերջինս ըմբոստներուն կողմէ սպաննուած է քրիստոնեայ ըլլալուն համար։ Ըմբոստները անոր երեսը շիկացած խաչով մը այրած են։ Ըստ երեւոյթի, ըմբոստները կ’ուզեն հրապարակաւ ցոյց տալ, որ իրենք ոչ իսլամներուն դէմ են, որպէսզի անոնց հովանաւորները զէնքի եւ օժանդակութեանց մատակարարումը չդադրեցնեն։ Այդ պատճառով, ալ անոնք կ’արտօնեն, որ իրենց գրաւած շրջաններուն մէջ որոշ թիւով քրիստոնեաներ մնան, ապա զանոնք մէկ առ մէկ կը սպաննեն՝ մնացեալ մղելով փախուստի. այդպիսով այնպէս մը չի թուիր, թէ ջարդ կը գործեն։ Այդ օրունէ ետք, Թապքայի մէջ մնացած ասորի երեք ընտանիքները՝ դէպքէն մեծապէս ցնցուելով փախուստի դիմած են։

Ալ-Ժալու Քինոյի յայտնած է, որ քրիստոնեաներ եւ իսլամական օրէնքով չապրող ուրիշներ ապագայ չունին այն վայրերուն մէջ, ուր արմատականները իսլամական դատարաններ հաստատած են։ Ըստ անոր, «Եութիուպի»-ի վրայ կարելի է մինչեւ իսկ գտնել շուէտացի ժիհատականներ, որոնք Սուրիոյ մէջ, նոյնիսկ Շուէտի մէջ իսլամական օրէնքի հաստատման մասին կը քարոզեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.