Քութուճեան Չյաջողեցաւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ ընտրուիլ


ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Մեսեչուսեց նահանգի Միտըլսաքս շրջանի հայ ոստիկանապետ, քաղաքական գործիչ Փիթըր Քութուճեան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին կայացած Ներկայացուցիչներու տան լրացուցիչ ընտրութիւններուն ընթացքին կրցաւ ապահովել քուէներւոն 22 տոկոսը միայն, որու հետեւանքով, քուէներուն 33 տոկոսը ապահպված Քեթրին Քլարք պիտի դառնայ Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուն:
Մեսեչուսեցի 5րդ ընտրատարածքին համար կայացած ընտրութիւններուն նպատակն է լեցնել անցեալ տարի Ծերակոյտի անդամ ընտրուած Էտ Մարքիի կողմէ թափուր ձգուած աթոռը: Քլարք Դեկտեմբեր 10ին իր դէմ պիտի ունենայ Երեքշաբթի օր Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու ընտրուած Ֆրենք Ատիվինոլան:
Յայտնենք, թէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը (ANC-PAC) նեցուկ կանգնած էր Քութունճեանի ընտրապայքարին:
Երեքշաբթի օրուան ընտրութիւններէն ետք, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն Թամար Քանարեան շնորհաւորեց յաղթանակ արձանագրած թեկնածուները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, թէ Քութուճեան տպաւորիչ ընտրապայքար մը տարած էր, միաժամանակ նշելով, թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Քութուճեանին, որ ոստիկանապետի իր պաշտօնով իր սպասարկութիւնները կը շարւոնակէ մատուցել Միտըլսաքս շրջանին եւ  Մեսեչուսեց նահանգին:
Քանարեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քուէարկութեան մասնակցած, ինչպէս նաեւ Քութուճեանի ընտրապայքարին համար կամաւոր աշխատանք տարած ու նուիրատուութիւններ կատարած հայերուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.