Հայաստան-Պուլկարիա 2-1


ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ 2014ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտախաղերու՝ Հայաստանի զտումի նախավերջին մրցումը, Երեւանի մէջ, իրարու դէմ հանելով Եւրոպայի Բ. խմբակին մաս կազմող հիւրընկալ կազմը եւ Պուլկարիոյ հաւաքականը, որ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ խմբակին մէջ՝ ետ մնալով առաջատար Իտալիայէն:
Յաղթանակ մը հարկաւոր էր, որպէսզի Հայաստան յոյսի նշոյլ մը ունենար աւարտախաղերուն հասնելու:
Սուր մրցակցութեամբ յատկանշուած մրցումին առաջին կօլը նշանակեց Արազ Օզպիլիզը, 45րդ վայրկեանին, սակայն պուլկարացի Իվելին Փոփով կրցաւ մրցումին արդիւնքը հաւասարեցնել երկրորդ կիսախաղին (61րդ վայրկեան):
Մրցումի 87րդ վայրկեանին, Հայաստանի հաւաքականին վերոյիշեալ յոյսի նշոյլը պարգեւեց Եուրա Մովսիսեան՝ նշանակելով յաղթանակի կօլը: Մրցումը աւարտեցաւ Հայաստանի յաղթանակով (2-1):
Զտումի այս մրցումներուն ընթացքին օտար դաշտերու վրայ կարեւոր յաղթանակներ արձանագրած Հայաստանի հաւաքականին համար Պուլկարիոյ դէմ յաղթանակը առաջինն էր իր գետնին վրայ:
Յատկանշական էր, որ իրաւարարը 45րդ եւ 63րդ վայրկեաններուն պարտադրուեցաւ կարմիր քարտ գործածելու պուլկարացի երկու մարզիկներու դէմ եւ զանոնք խաղէն դուրս հանելու՝ կոպիտ խաղարկութիւն ցուցաբերելու յանցանքով: Երկու խումբերուն համար ալ ճակատագրական իմաստ ունեցող այս մրցումին ընթացքին իրաւարարը նաեւ չորս պուլկարացի եւ երկու հայ մարզիկներ ազդարարեց՝ դեղին քարտերով:
Այս արդիւնքէն ետք, Հայաստանի հաւաքականը, առնուազն ժամանակաւորապէս (սպասելով Դանիա-Իտալիա եւ Մալթա-Չեխիա մրցումներու արդիւնքներուն), երրորդ դիրքի բարձրացաւ ու այժմ միայն մէկ կէտով ետ կը մնայ Պուլկարիայէն:
Հայաստանի զտումի վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին, Իտալիոյ հաւաքականին դէմ, Իտալիոյ մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.