Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Փրովիտընսի Ցեղասպանութեան Յուշարձան Կ՛այցելէ
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ, Ռոտ Այլընտ, «Արմինիըն Ուիքլի».- Տիգրանակերտի Սուրք քաղաքի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին այցելած է Փրովիտընս գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան՝ ծաղկեպսակ մը զետեղելով անոր առջեւ:
Տեմիրպաշի ընկերակցած են Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ինկլընտ շրջանի քիւրտ եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Յուշարձանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Տեմիրպաշ ըսած է. «Կը խոնարհինք իրենց կեանքերը կորսնցուցած զոհերու յիշատակին առջեւ» եւ աւելցուցած, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ դերակատարուութիւն ունեցած են նաեւ քիւրտերը՝ միաժամանակ շեշտելով պատմութեան հետ հաշտուելու կարեւորութիւնը:
Ան դարձեալ կոչ ըրած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ ընդունին Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրեն եւ վնասուց հատուցում տրամադրեն՝ ըսելով. «Ներողութիւն խնդրելը հասունութեան նշան է»:
Տեմիրպաշ անցեալ շաբաթ քիւրտերու անունով ներողութիւն խնդրած էր հայերէն եւ ասորիներէն, 1915ի ջարդերուն մէջ քիւրտերու դերակատարութեան համար: