ԽՆՃՈՅՔ՝ ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ ՀՐԴԵՀԻ ԺԱՄԱՆԱԿ
Սարտար Քորուջու «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմագրութեան մէջ, իբրեւ «թշնամին ծովը նետելու ազատագրութեան հերոսապատում»
յիշատակուող «սեպտեմբեր 9-ի» հետ, ամէն տարի օրակարգի վրայ կու գայ նոյն հարցումը՝ «սեպտեմբեր 13-ին Զմիւռնիան ո՞վ հուրի մատնեց»։ Եթէ նոյնիսկ այս հարցումին յստակ պատասխան չտրուի, այսօր
միակ յայտնի իրականութիւնը այն է, որ տակաւին «Իյոնիայի մարգարիտ, գեղեցիկ Զմիւռնիոյ մէջ բոցերը չեն մարած…»։
«1922-ին, Զմիւռնիան հրդեհելու ընթացքին, պենզին եւ քարիւղ թափելով՝ եկեղեցիներուն մէջ ապաստանած հայերուն եւ յոյներուն ողջ-ողջ այրեցին։ Նախ՝ հրկիզեցին հայկական թաղամասը։ Հրկիզեցին Ս.
Ստեփանոս եկեղեցին, որովեհետեւ բոլոր հայերը պաշտպանուելու համար ապաստանած էին այդ եկեղեցիին մէջ։ Յետոյ մենք՝ յոյներս, փախուստ տուինք դէպի ծովեզերք։ Ծովուն մէջ բազմաթիւ նաւակներ կային,
սակայն նախօրոք նաւակներու հատակին ճեղքեր բացուած էին, որպէսզի նաւակներու մէջ ջուր լեցուի, եւ հայերը չփրկուին։ Խեղճ հայերը կը նստէին նաւակ, որ ճամբայ ելլելէ ետք կը լեցուէր ջուրով, իսկ հայերը
ծովը կը լեցնէին, ծովու մակերեսին բազմաթիւ ուռած դիակներ կային»։
Ըստ դէպքի ականատէս, 1909-ին ծնած Գառնիկ Ստեփանեանի եւ 1903-ին ծնած Արփինէ Պարտիքեանի՝ 1922 սեպտեմբերի 13-ին Զմիւռնիոյ մէջ բռնկած հրդեհը չորս օր առաջ քաղաք մուտք գործած
Անգարայի ղեկավարութեան յանցանքն էր։ Իսկ ըստ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմագրութեան՝ հրդեհը վառած են թրքական ռազմական համազգեստ հագած 22 հայ, որոնք խոստովանած են, որ Զմիւռնիան հրդեհած
են, որպէսզի իրենց սեփականութիւնները թուրքերուն չձգեն։ Ամէն պարագայի, կասկածները կը շատնան քաղաք մուտք գործած առաջին հրամանատար Սաքալլը Նուրետտին փաշայի նկատմամբ, որուն անունը,
Թուրքիոյ հիմնադրման թուականի հետ կապուած, շատ կը քննարկուի։
«Կիաւուր Զմիւռնեան, մթութեան մէջ այրելով, առաւօտեան մխալով վերջացաւ։ Հրդեհի պատասխանատուները միայն հայ սադրիչնե՞րն էին, ինչպէս մեզի ըսին այդ ժամանակ։ Շատ էին նաեւ անոնք, որոնք կ’ըսէին,
որ բաւական վարպետօրէն գործած է բանակի հրամանատար Նուրետտին փաշան…Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, երբ հայերը տեղահանուեցան, Անատոլուի այն քաղաքներն ու գիւղաքաղաքները,
ուր կրնային անոնք ապրիլ, դարձեալ այս վախի պատճառով հրի մատնեցինք։ Ասիկա քանդելու մոլուցքի արդիւնք չէր. ատոր զգացումի ազդեցութիւն էր։ Իւրաքանչիւր անկիւն, որ նման էր Եւրոպայի մէկ հատուածի,
կարծես թէ մերը չըլլալու ճակատագիր ունէր»։
Լրագրող Ֆալիհ ՌըՖքը Աթայ «Չանքայա» գիրքին մէջ կը պնդէ)այս պնդումը կը հաստատէ նաեւ Ֆեւզի Չաքմաքը(, որ կապ չունի, թէ ով սկսած է հրդեհը, բոլորը համակարծիք են՝1922 սեպտեմբեր 9-ին
քաղաքին մէջ մեծ իրարանցում տեղի ունեցած է։ Իսկ պատճառը այն է, որ երբ հայկական թաղամաս Հայնոցի հրդեհը փայտաշէն քաղաքին մէջ տարածուեցաւ, նաւամատոյցի ճանապարհի երկայնքով երկշարք
շարուած թուրք զինուորները, ձեռքերնին գնդաձիր, կը սպասէին։ Զմիւռնիոյ մէջ, ուր, ինչպէս կը գրէ Լորտ Քինրոս, «ամենալաւատեսական» ենթադրութեամբ երկու հազար մարդ մահացած է, ղեկավարութեան
փոփոխութեան վերջին օղակը այս հրդեհը դարձաւ։ Առաւօտեան նաւամատոյց հասած դաշնակից երկիրներու նաւերուն մէջ ապաստանած յոյներն ու հայերը իրենց ետին կը ձգտէին այն հողերը, ուր ապրած էին դարեր
շարունակ։
Այսօր հետք ամգամ չէ մնացած այն թաղամասերէն, ուր 91 տարի առաջ սկսաւ հրդեհը։ Այդ տեղ՝ ՄուսթաՖա Քեմալի հրամանով հիմնադրուած Զմիւռնիոյ միջազգային տօնավաճառն է, որ 82-րդ բացման
արարողութիւնը աճեցուցած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում ու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեանց միջեւ լարուածութիւնը։
«Սեպտեմբեր 9-ի» մուտքէն աջ կողմ եղող տօնավաճառի հրապարակը, ուր ժամանակին գտնուած է այգին եւ յոյներու առաջնորդարանի շէնքը՝ Զմիւռնիոյ ամէնէն մեծ եկեղեցիներէն Ս.Էթիէն եկեղեցին, կ’ըսեմ
հրդեհի ժամանակ ամբողջութեամբ այրած է, իսկ հանրապետութեան ժամանակ՝ աւերուած, այսօր կանաչ դաշտ կը յիշեցնէ։ Ուղղակի դիմացէն ազդեցիկ բարձրութեամբ ծուխ կը բարձրանայ շարունակ։ Ժամանակին հրոյ
ճառակ դարձած թաղամասին մէջ՝ փլաստիք սեղաններու վրայ ախորժակով կ’ուտեն Թուրքիոյ տարբեր անկիւններէն եկած ուտելիքներ՝ Ալեքսանտրեթի քիւնաՖէէն, խաւիծէն մինչեւ տէօնէր։ Աղէտէն փախուստ տուած
մարդոց ձգած հետքերով՝ իրենց երեխաներու հետ այգի եկողները տօնավաճառի զուարճանքներուն հետեւելու համար կը վազեն այս ու այն կողմ։
Իսկ հայերէն մնացած միակ կոթողը, որ հրդեհէն չէ վնասուած, յոյն ուղղափառներու հաւատակից «հայ հոռոմներու» Ս.Վուքուլոս եկեղեցին է, թէեւ իբրեւ եկեղեցի չի գործեր։ Եկեղեցին կը գտնուի Հնագիտութեան
թանգարանի բակին մէջ, ուր կան քանի մը գերեզմանաքարեր, որոնք կը ցուցադրուին հրէական համայնքի գերեզմանաքարերու շարքին։
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱԾԿԵՑ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Շինութիւնը, որ 1924-ին ՄուսթաՖա Քեմալը դարձուց Հնագիտական թանգարան, իսկ ատկէ առաջ որոշ ժամանակ օգտագործած էին իբրեւ պահեստանոց եւ օփերայի սրահ, երկար տարիներ մնացած էր անխնամ։
Յայտնի չէ, թէ որ թուականին, սակայն մինչեւ 2008 վերանորոգումը հանրապետական Թուրքիան ծածկած էր եկեղեցւոյ սրբանկարները այնպէս, ինչպէս ընդունուած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ եկեղեցիները
մզկիթներու վերածելու ընթացքին կրօնական խորհրդանշանները վերացնել։ Այսօր իբրեւ մշակութային կեդրոն գործածուող եկեղեցւոյ կցակառոյցը կը հանդիսանայ Մամուլի թանգարան, ուր կ’ոգեկոչեն սպաննուած
լրագրողներու յիշատակը։ Թանգարանին մէջ, ուր կը գտնուի Հրանդ Տինքի դիմանկարը, տեղ կը գտնէ նաեւ Ապտի Իփեքչիի գրամեքենան, Մեթին Կէօքթեփէի շապիկը եւ Ուղուր Մումջույի առաջին համակարգիչը։
Զմիւռնիոյ ոչ մէկ եկեղեցի Ս.Վուքոլոսի չափ բախտաւոր չէր։ Շատերու տեղն անգամ յայտնի չէ։ Միայն մնացած են զրոյցներ այն մասին, որ ժամանակին այստեղ եկեղեցիներ եղած են։ Անոնցմէ մէկն ալ Ս.Ֆոթինի
եկեղեցին է, որ եղած է առաջնորդական կեդրոն։ Որովհետեւ անիկա Իզմիրի ամէնէն բարձր շինութիւնն էր, յոյներու խորհրդանիշը կը համարուէր։ Իսկ ?1856-ին կառուցուած 33 մեթր բարձրութիւն ունեցող
զանգակատունը կը խորհրդանշէ խաչելութեան ժամանակ Յիսուս Քրիստոսի տարիքը։ Կառուցումէն 32 տարի ետք աշտարակին աւելցուցած են նաեւ ժամացոյց։ Կ’ըսեն, որ շինութիւնը հրդեհի ժամանակ վնասուած, իսկ
ռմբակոծումէն աւերուած է, սակայն պաշտօնական պատմագրութիւնը կը լռէ։ Շինութեան վերջը եղած է այնպէս, ինչպէս Հրիսթոմոս եպիսկոպոսի խոշտանքումի դատաստանը՝ «յայտնի չէ, թէ ամբոխի մէջ ով
սպաննեց»։ 1973-ին այս մասին դահիճ Ալին կը պատմէ «Նոր Դար» թերթին։ «Քահանային դուրս հանած են պահակներու հսկողութեան տակ գտնուող վայրէն եւ կախաղան բարձրացնելու հրամանը գործադրելու
համար քալած են աղօթարանի ուղղութեամբ։ Քալելու ատեն մեզի հետեւող ամբոխը երթալով բազմամարդ կը դառնար՝ ստեղծելով վտանգաւոր իրավիճակ…Ոստիկանները նոյնիսկ շուարած էին, չէին գիտեր՝ ինչ
ընել…Սակայն չեմ գիտեր՝ ինչպէս քահանան վայրկեանապէս անհետացաւ։ Մինչ կ’ըսէին՝ «ի՞նչ կ’ընէք, ժողովու՛րդ։ Այն ինչ կ’ընէք ճիշդ չէ, ըստ էութեան՝ օրէնքն արդէն վճիռ կայացուցած է», քահանային
կտոր-կտոր ըրած էին ու մարմինն ալ նետած մէկ անկիւն»։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան՝ Զմիւռնիոյ համար պատրաստած համակարգչային կայքէջին մէջ եկեղեցին տակաւին կանգուն է։ Սակայն նշուած հասցէին մէջ կը գտնուի հոլանտական եկեղեցին։
Խառնաշփոթի պատճառն այն է, որ յոյն ուղղափառները այդ եկեղեցին անուանած են նոր Ս.Ֆոթինի։
Բնականաբար, կան եկեղեցիներ, որոնք 1922-ի հրդեհի ժամանակ վնասուած են, սակայն կանգուն մնալու համար կը պայքարին։ Օրինակ՝ Ս.Եանիս Թէոլոլոկոսը…Այսօր եթէ մտնէք թաղամաս, ուր կը գտնուի
եկեղեցին, թրքերէնի փոխարէն մէկ այլ լեզու պիտի լսէք, սակայն ոչ թէ մինչեւ 1922 խօսուող յունարէնը, այլ՝ գնչուներու լեզուն։
Ակորայի Սաքարիա թաղամասին մէջ պապերու դարաւոր մշակոյթին վերէն հետեւող եկեղեցւոյ մօտ գտնուող շինութիւնը, որ ծառայած է իբրեւ յունական դպրոց եւ ուսուցչանոց, տակաւին կանգուն է։ Նոր տէրերը
զայն կ’օգտագործեն։ անցեալի մասին յիշեցնող միակ նշանը դիմացի դռան վրայի խաչն է, որ մինչեւ իսկ հեռուէն, թեկուզ աղոտ, սակայն կը նշմարուի։
Իսկ եկեղեցիէն մնացած են դուռն ու մուտքի հատուածը։ Մնացած մասին վրայ կառուցուած է Իսմեթ փաշա դպրոցը։ Եկեղեցւոյ դիմացի այգիին մէջ գտնուող եկեղեցին չի խնամուիր, լքուած է։ Որոշ հատուածներ
կ’օգտագործեն իբրեւ պահեստանոց. Աթաթուրքի աւելորդ կիսանդրիները, չօգտագործուող պահարաններն ու նստարանները այնտեղ կը դնեն։ Իսկ ներսի պատը երեխաներու համար թատրոնի բեմ կը ծառայէ…։
Եկեղեցւոյ վիճակը կը խօսի մէկ իրականութեան մասին. անյայտ մնացած «Զմիւռնիոյ հրդեհը» ոմանք տասնեակ տարիներ շարունակ չեն կրցած մարել…։