Քոչունեան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին Համար Իրաւական Կարգավիճակ Կ՛ուզէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Համահայկական Ցանց».- «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ անցեալ շաբաթ ներկայացուած Ժողովրդավարացման ծրարը յոյս ներշնչեց ոչ իսլամ բնակչութեան, սակայն, հանրութեան անդամներէն ոմանք նշեցին, թէ անհրաժեշտ է առաւել նպատակաուղղուած աշխատանք՝ տասնամեակներով կուտակուած խնդիրներու լուծման համար», կը գրէ թրքական «Զաման» թերթը:
«Ժողովրդավարացման ծրարը ունի հեռանկարային բարեփոխումներ: Անիկա ճամբայ կը հարթէ յստակ քայլերու առջեւ, որոնք հարկաւոր են ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերու լուծման համար, սակայն բաւարար չեն մեր հիմնական խնդիրներու լուծման», թերթին ըսած է Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Քոչունեան: Ան յայտնած է նաեւ, որ հայ համայնքի գլխաւոր պահանջն է իրաւական կարգավիճակի շնորհում Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին:
«Այնուամենայնիւ, մենք շատ կարեւոր կը նկատենք ժողովրդավարացման ջանքերը, որոնք գործադրուած են  վերջին 10 տարիներուն ընթացքին», աւելցուցած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.