Դամասկոսի Հերոս Նահատակին Յիշատակին


 

Քառասուն օրեր առաջ` 26 օգոստոս 2013-ին, Դամասկոսի հայութիւնը, մասնաւորապէս Պապ Թումա ու Պապ Շարքի թաղերու բնակչութիւնը, խոր վիշտով եւ արժանի յարգանքով հողին յանձնեցին հերոս մը, բառին իսկական իմաստով «Խոնարհ հերոս» մը: Ազնիւ ու վեհանձն հոգիով, անսակարկ անձնուիրութեամբ, ընկերային գեղեցիկ առաքինութիւններով օժտուած Յակոբ Սարգիսեանը վերջնականապէս կը բաժնուէր իրեն շատ սիրելի եւ փոխադարձաբար զինք սիրող ընտանիքէն, ընկերներէն եւ թաղեցիներէն:

1967-ի ծնունդ Յակոբ Սարգիսեանը շատ կանուխէն, երբ տակաւին ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն նոր միացած էր աչքի զարկած էր իր քաջութեամբ եւ վեհանձնութեամբ, որոնք իր յատկանիշները մնացին մինչեւ վերջ:

Ծառայասէր եւ բոլորին օգնութեան հասնող Յակոբը Սուրիոյ այս տագնապալի օրերուն մաս կազմած էր թաղի ինքնապաշտպանութեան ջոկատին, ան զէնք վերցուցած էր պարզապէս հաւանական վտանգներէ զերծ պահելու համար իր թաղը, ուր կը գտնուին նաեւ Հայոց Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ ՀՄԸՄ-ի ու ՀՄՄ-ի ակումբները: Ան իր հերթապահութիւնը կը կատարէր ամենայն կարգապահութեամբ եւ իր առաքելութեան բարձր գիտակցութեամբ:

Այդ դժբախտ օրը ան իր բնակարանը կը գտնուէր, իր կնոջ Ռուէյտային եւ զաւակներուն Մարիային, Թալինին եւ Գէորգին հետ, երբ հրասանդի ռումբի պայթումի ձայն մը կը լսուի: Գիտնալով,  թէ ան ինկած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` զէնքը առնելով կը վազէ հոն, իր ընկերներուն հետ կը մտնէ եկեղեցւոյ բակը ստուգելու պատահածը, երբ երկրորդ ռումբ մը կը հարուածէ Ազգ. Ս. Թարգմանչաց ճեմարանի տանիքը, եւ ռումբի բեկորներէն կը վիրաւորուի Յակոբը եւ իր զինակից ընկերն ու եկեղեցւոյ պահակը. անոնք կը փոխադրուին հիւանդանոց, Յակոբի ստացած վէրքերը մահացու էին, բժիշկներու բոլոր ջանքերը անոր կեանքը փրկելու ապարդիւն կ՛անցնին: Հարազատ Յակոբին մահուան բօթը ահաւոր էր, անիկա կը տարածուի հիւանդանոցի անցքերն ու բակը խճողած իր ընկերներուն եւ բարեկամներուն վրայ:

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը անոր շնորհեց «Պատուոյ սպայ»-ի կոչում, նահատակ հերոսը յաջորդ օրը արժանաւոր յուղարկաւորութեան արժանացաւ, անոր դագաղը իր ընկերներուն կողմէ ուսամբարձ ճամբայ ելաւ ՀՄԸՄ-ի ակումբէն դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ապա ազգային գերեզմանատուն, ուր ան հանգիստ պիտի ննջէ յաւիտեան:

Ցաւակցութեան երեք օրերուն ՀՄԸՄ-ի ակումբը խճողուեցաւ սգակիր ժողովուրդով, հայ թէ արաբ, թաղեցի թէ օտար հաւաքուած էին, հոն էին միութիւններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ, քաղաքայիններ եւ զինուորականներ բոլորը եկած էին իրենց ցաւակցութիւնը յայտնելու Սարգիսեան ընտանիքին, որոնք մեծով ու պզտիկով տարիներու ընթացքին իրենց նպաստը ունենալէ ետք ահաւասիկ իրենց հարազատը եւս նուիրաբերած էին հայ եկեղեցւոյ անվտանգութեան համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.